
Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ֆրանսա ունի այնպիսի ռազմական արհեստագիտութիւն, զորս բոլորը կ՛ուզեն ունենալ, սակայն Փարիզ զանոնք Հայաստանին պիտի տրամադրէ:
Գրառման կից դեսպանը հրապարակած է Thales ընկերութեան կողմէ ֆրանսական ռատարներու արտադրութեան մասին «Փոլիթիքօ» թերթին յօդուածը, որուն մէջ կը նշուի, թէ ընկերութիւնը 2008էն ի վեր 200 GM ռատարներ վաճառած է աշխարհի 32 երկիրներու, 40ը՝ միայն 2023ին: Կը նշուի նաեւ, որ անցեալ ամիսներուն, Փարիզ երեք GM200 համակարգեր վաճառած է Հայաստանին, իսկ մէկ համակարգ՝ Մոլտովային:
Հայաստան եւ Ֆրանսա աշնան ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին պայմանագիրներ ստորագրեցին: Արդէն Փետրուարին, Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարը յայտարարեց, որ Հայաստան ստացած է պաշտպանական նշանակութիւն ունեցող սարքերու առաջին խմբաքանակը:
Առաջին անգամ չէ, որ Փարիզ կը յայտարարէ, թէ Հայաստանին միայն պաշտպանական նշանակութիւն ունեցող սարքեր կու տայ. Երեւանի մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւ յայտարարեց, որ առաջնահերթ է այս տարածաշրջանին մէջ` թէ՛ բնակչութեան եւ թէ սահմաններու պաշտպանութիւնը` շեշտելով, որ ոեւէ մէկը չի կրնար քննադատել Հայաստանի բանակը` իր պաշտպանութեան ունակութիւնները ուժեղացնելուն համար:
«Այդ ջանքերը ձեզ թոյլ կը տան լաւագոյնս պաշտպանուելու», ըսած էր Լըքորնիւ։