Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտնեց, որ 10 Ապրիլին, Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի Ներքին Խնձորեսկ հատուածին մէջ միջադէպ մը պատահեցաւ. Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող հովիւ մը հօտը փնտռած ատեն մոլորած եւ յայտնուած է Ատրպէյճանի տարածքին մէջ: Այդ պատահարը երկու կողմերու սահմանապահներուն կողմէ հրաձգութեան հասցուց:
«Միջադէպի հետեւանքով ադրբեջանական կողմն ունի մէկ վիրաւոր: Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերը պատրաստ են Ադրբեջանի Հանրապետութեան Սահմանապահ զօրքերի հետ համատեղ քննութեան: Անկախ համատեղ քննութիւնից ՀՀ Սահմանապահ զօրքերը իրականացնում են սեփական քննութիւնը եւ արդիւնքների մասին կը հաղորդուի լրացուցիչ: Պարզաբանման ենթակայ է նաեւ հարցը, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս են հովիւը եւ հօտը հատել սահմանը», կ՛ըսուի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
ԱԱԾն նաեւ կը յայտնէ, որ հայկական կողմին համար այսպիսի միջադէպեր ցանկալի չեն: Կը նշուի նաեւ, որ ատրպէյճանցիները վերադարձուցած են մոլորած հօտը: Հովիւը նոյնպէս կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ:
Պաքու նոյն օրը աւելի կանուխ հաղորդեց, որ կէսօրէն ետք ժամը 3:20ի շուրջ, Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան զօրքերը Հայաստանի Ներքին Խնձորեսկ գիւղէն երկու անձերու` «պետական սահմանի խախտում նկատած են» անոնց անասունները տեղափոխելու ատեն: Ծառայութիւնը նշեց, որ ատրպէյճանցի զինուորական մը վիրաւորուած է, «հայկական կողմին բացած կրակ»ին պատճառով: