Շատերու համար Քամիշլիի ազգային «Եփրատ» վարժարանին մէջ ապրած օրերը ամէնօրեայ յիշատակի աղբիւր են, մշտարթուն կարօտաբաղձութիւն, ինչքան ալ դժնդակ տարիներ անցուցած ըլլան անոնք այդ համեստ հաստատութեան տեղ-տեղ ծեփը թափած պատերուն տակ։ Անկրկնելի օրեր՝ մանկութեան չափ անուշ։
Ինչքան ալ բարեկեցիկ ըլլայ մեր ներկան, այդ յիշատակները մարդոց հետ պիտի ճամբորդեն մինչեւ վերջին շունչը։ Շատեր այդ պարզուկ հաստատութենէն մարդկային եւ ազգային անսպառ սնունդ առին եւ հոգեպէս հարստացան։ Այդ հոգեկան հարստութեան վրայ անոնք նոր հարստութիւն աւելցուցին եւ զայն գործածեցին կեանքի նոր վերելքներ նուաճելու։
Այդ հոգեկան սնունդին փոխարէնը հատուցելու եւ ձեռք բերուած հարստութեան արժէքին մէկ չնչին բաժինը վերադարձնելու համար մօտաւորապէս 460 քամիշլիահայեր եւ բարեկամներ համախմբուած էին Մայիս 25ին, տօնելու վարժարանի հիմնադրութեան 75ամեակը, շքեղ պարահանդէսի մը ընթացքին, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Քամիշլիի ազգային «Եփրատ» վարժարանի որոշ կարիքներ ապահովելու եւ կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակները հոգալու։
Այս տարուան Մարտին կազմուած վարիչ յանձնախումբը շուտով հաստատեց «ԵՓՐԱՏ» կրթական հիմնադրամը, զայն Գաւառական տոմարներու գրասենեակին (County Registrar-Recorder)ի մօտ գրանցեց եւ դրամատնային օրինաւոր հաշիւ բացաւ եկամուտը պահ դնելու համար։ Յանձնախումբի բոլոր անդամներու ոգի ի բռին աշխատանքով կարելի դարձաւ այնքան կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ այդպիսի ճոխ ու վայելուչ պարահանդէս կազմակերպել։
Բոլոր ներկաներուն համար հասած էր տալու եւ տալով հոգեկան գոհունակութիւն ապրելու ժամանակը։ Կարծես թէ բոլորին սրտին մէջ մէկ ցանկութիւն կար այդ օրը՝ «Թող այդ սիրելի դպրոցին աշակերտները մեզի նման չապրին»:
ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄԸ
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրուան ներկայացուցիչ՝ Հրանդ քհնյ. Երէցեան կատարեց սեղանօրհնէքը, որմէ ետք հանդիսավարը ըրաւ բացման խօսքը, որ կարծես ներկաներու հոգիներուն հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ։ Ներկաներուն մեծամասնութիւնը դեռ կը յիշէ վարժարանի առաջին երեք տասնամեակները՝ Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած եւ այստեղ շունչ առած հայերու գաղթակայանի հարազատ պատկերը՝ որբեր, թշուառութիւն, սնունդի պակաս եւ ցուրտ օրեր։ Թաց ու ցեխոտ ճամբանրուն վրայ աշակերտները պիտի քալէին գուցէ ժամեր։ Քայլարշաւը կը սկսէր հեռու թաղերէն ու շրջակայ գիւղերէն, կարկտնուած հագուստներով, պատառոտած կօշիկներով, թրջուած ու մսած ոտքերով։ Եթէ ոմանք կօշիկները նորոգելու բախտաւորութիւնը ունեցած էին, ապա համբերութեամբ պիտի տանէին ոտքերը ծակող մանր գամերու ցաւը։
Կրթական գետնի վրայ, աշակերտը պատասխանատուութեամբ պիտի օգտագործէր իր գոյքերը՝ մատիտը պիտի սրէր զմելիով մը, յաճախ մատները վիրաւորելով. ո՜վ տաշելիք ունէր։ Պատռտուած եւ հազիւ գործածելի տետրակին վերջը մնացած քանի մը թերթերը պիտի պահէր յաջորդ տարուան համար. քանի-քանի տարիներ ծառայած հնամաշ ու հազիւ ընթեռնելի գիրքերը խնամքով պիտի գործածէր, որպէսզի յաջորդ տարեմուտին կարենար կրկին ծախել կամ փոխանակել նման մաշած գիրքերով։
Վարժարանին մէջ ծառայող ուսուցիչներուն եւ աշխատակազմին վիճակը եթէ աւելի վատ չէր, ապա անկասկած որ աւելի լաւ չէր։
Առաջին երեք տասնամեակներու այդ ծով տառապանքին համբերութեամբ տոկացող ուսուցչներու, ծնողներու եւ աշակերտութեան մօտ ազգային արժէքներու վերականգման աննկուն կամք կար եւ ամէնուն նպատակն էր՝ «Ուսում ամէն գնով. ուսում մինչեւ վերջ»։
ՄԷԿ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ԸՆԴԴԷՄ ՎԵՑ ԴԱՐԵՐՈՒ
Դժուար է բացատրել, թէ ինչէ՛ մղուած մեր պապերն ու հայրերը ընտրեցին մարդկային արժանապատուութեան եւ ազգային վերականգման դժուար ուղին այդ չքաւորութեան օրերուն։
Ինչպէս հայկական բոլոր գաղթօճախներու պարագային, Սուրիական Միջագետքի (Ճեզիրէի) հայկական գաղութներուն մէջ ազգային հրաշքներ պատահեցան։ Ի տարբերութիւն կրօնական հրաշքներու, ազգային այդ հրաշքներու ճշմարտութիւնը անվիճելի է. ոչ ոք կը հաւակնէր զանոնք կասկածի տակ առնել. ոչ իսկ թերահաւատ կամ ապազգային մարդիկ։ Ազգային հրաշքները մենք մեր աչքերով տեսանք եւ մեր տուներուն մէջ ապրեցանք։ Այդ գաղութներուն մէջ հաստատուած որբուկներուն հոգիներուն մէջ հայ մնալու կամքը հաւասար էր գոյատեւման ու հաց գտնելու որոնումին։
Մեր պապերը ազգային անկախութիւնը կորսնցուցին 13րդ դարուն՝ սելճուքներու ներխուժման ժամանակ։ Վրայ հասան թաթարներու եւ օսմանցիներու բանակները, որոնց միացած էին եկուոր ու տեղացի քիւրտեր։ Ազգային ու կրօնական շատ մը իրաւունքներ ոտնահարուեցան։ Կոստանդնուպոլսէն դուրս, թուրքերու եւ յատկապէս քիւրտերու կողմէ կրօնք եւ ազգային լեզու աստիճանաբար արգիլուեցան Արեւմտահայաստանի շատ մը շրջաններու մէջ։ Այդ տիրապետութեան աւելի քան վեց դարերուն ընթացքին մեր նախնիները կը գիտակցէին միայն, թէ իրենք հայ էին եւ քրիստոնեայ։ Ազգային ինքնորոշման գիտակցութեան որեւէ այլ գործօն չէր մնացած։ Երբ սկսան Մեծ Եղեռնն ու տեղահանութիւնները, շատեր դարձած էին թրքախօս, իսկ ուրիշներ քրտախօս։
Արհաւիրքի օրերէն հազիւ մի քանի տարի անց, Հայկական Միջագետքէն տեղահան եղած եւ Սուրիական Միջագետքի մէջ ապաստան գտած հայեր արդէն կազմած էին զանազան գաղթօճախներ՝ Տերիք, Քամիշլի, Ամուտա, Թել Պրաք, Տրպէսիէ, Ռաս ուլ Այն, Տէր Զօր, Ռաքքա, Թել Ապիատ, Ճարապլուս եւ այլն։ Մէկ տասնամեակի մը ընթացքին այս բոլոր քաղաքներուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ եկեղեցիներ եւ դպրոցներ հիմնուած էին արդէն։ Աւելի քան վեց հարիւր տարիներ իր ազգութիւնն ու ազգային ինքնութիւնը մօտաւորապէս կորսնցուցած հայ բնակչութիւնը տասը տարուան մէջ ազգային աներեւակայելի զարթօնք ապրեցաւ։ Մայրենի լեզուն սորվելու առիթէն զրկուած բոլոր տարեցներն ու չափահասները դպրոց յաճախող իրենց զաւակներուն հետ սկսան հայերէն սորվիլ եւ հայերէն խօսիլ՝ հոգ չէ, թէ խնձորին կ’ըսէին «խնզոր» եւ հացին՝ «հաս»։
Ազգային յարութիւն մըն էր իւրաքանչիւր տան մէջ. ազգային հրաշք, որուն մէջ կարեւորագոյն դերը կատարեցին հայ մնալու կամքը եւ ազգային «Եփրատ» վարժարանը։
Ահա, թէ ինչու պարտաւոր ենք աշխատիլ այս դպրոցը (եւ բոլոր հայկական դպրոցները) կանգուն պահել եւ գուրգուրալ անոր ամէն մէկ դասարանին աչքի լոյսի նման։
1950ական թուականներուն վարժարանին աշակերտութեան թիւը հասած էր 1250ի, իսկ այսօր, հակառակ անդադար արտագաղթին, մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի 9րդ դասարան, ունի 1224 աշակերտներ, որոնք կը յաճախեն դպրոցի նորակառոյց շէնքերը։ Հակառակ արձանագրուած ուշագրաւ յառաջացումին, աշակերտներուն մէկ մասը դեռ օգնութեան կարիքը ունի, որուն համար կազմակերպուած էր յոբելենական այս պարահանդէսը։
ՀԻՒՐԵՐ ԵՒ ՄԵԾԱՐՈՒՈՂՆԵՐ
Պատուոյ հրաւէրով ներկայ էին նախկին ուսուցիչներ՝ տիկին Հերմինէ Տէմիրճեան, պարոն Գէորգ Մելքոնեան, տիկին Մարի Սարգիսեան (Սան Ֆրանսիսքոյէն) եւ Րաֆֆի Մելքոնեան։ Յանձնախումբը պարահանդէսին առիթը օգտագործեց նաեւ յուշատախտակներով մեծարելու արժանաւոր երեք անհատներ՝ երկու նախկին տնօրէններ՝ պարոն Կարապետ Պետրոսեան (ուսումնական պատասխանատու, ուսուցիչ եւ տնօրէն 1950-1962), եւ այս առիթին համար Արիզոնայէն եկած պարոն Ասատուր Պօղոսեան (ուսուցիչ եւ տնօրէն 1959-1966)։ Երկու մեծարուողներուն կենսագրականները ներկայացուց տիկին Սօնա Հապոյեան-Յարութիւնեան, իսկ յուշատախտակները յանձնեցին նախկին հոգաբարձու եւ թաղական, տոքթոր Խաչատուր Ռշտունի եւ պարոն Գէորգ Մելքոնեան։ Երրորդ մեծարեալը պարոն Զօհրապ Գասապեանն էր, որ երկար տարիներէ ի վեր իր անհատական նախաձեռնութեամբ նիւթական պատկառելի օժանդակութիւններով շարունակ օգնած է դպրոցի շինարարութեան, բարեզարդման եւ շարք մը կարիքներ ապահովելու համար։
Մեծարանքէն ետք տեղի ունեցաւ յոբելենական կարկանդակը կտրե-լու եւ մոմավառութեան արարողութիւն։ Իսկ անոր յաջորդող խանդավառութիւնը կարելի էր կոչել իսկական ազգագրական տօնախմբութիւն կամ տոհմիկ օր, որ երկարեցաւ մենչեւ արեւածագ։
Յանձնախումբի տարած կազմակերպուած եւ անխոնջ աշխատանքները խորապէս գոհացուցած էին ներկաները։ Օրուան պահանջքը բաւարարելու համար Նիւ Ճըրզիէն հրաւիրուած էին Վարուժ եւ Մանօ Վարդանեան եղբայրները, որոնք իրենց ելոյթները լաւապէս համադրեցին DJ Նուպարին հետ եւ ճոխացուցին երեկոն։
Բացի երաժշտութենէն, մեծ խանդավառութեան եւ ներշնչանքի պատճառ դարձան նաեւ նուիրատուութիւնները։ Անկասկած որ նուիրատուներուն անունները յանձնախումբին, ներկաներուն եւ դպրոցին անձնակազմին կողմէն երախտագիտութեամբ պիտի յիշուին։
Բոլոր ներկաները ուրախ էին եւ հպարտ, թէ իւրաքանչիւրը իր լուման նուիրած էր որպէսզի մեր դպրոցին աշակերտները մեզի նման չապրին, այլ մեզմէ լաւ ապրին։
«ԵՓՐԱՏ» Կրթական Հիմնադրամի Վարիչ Յանձնախումբի Յառաջիկայ Ձեռնարկներ
Դաշտագնացութիւն.- Օգոստոս 26, 2007
(Կլէնտէյլ – մանրամասնութիւնները՝ հետագային)
Տարեկան Պարահանդէս.- Սեպտեմբեր 6, 2008
(«Տոքմէճեան» սրահ – Ararat Home)
Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել Վարիչ Յանձնախումբի անդամներու հետեւեալ թիւերով.-
Տիար Արմէն Հզօր (818) 625-4775
Տոք. Մհեր Պապեան (818) 609-0803
Տիար Յովիկ Խաչատուրեան (818) 363-3044
Տիար Նուպար Աբրահամեան (818) 636-5039
Տիկին Սօնա Հապոյեան-Յարութիւնեան (626) 437-5232
Տոք. Րաֆֆի Մելքոնեան (Մուրատեան) (626) 794-0620
Պարոն Րաֆֆի Մելքոնեան (818) 897-1997