
«Արմէնփրէս»ը, իր տեղեկութիւնը քաղելով «India Today»էն՝ կը տեղեկացնէ, որ Հնդկաստանը ռազմական կցորդներ պիտի ուղարկէ 10 երկիրներ, որոնց կարգին՝ Հայաստան:
Մասնաւորապէս շեշտը կը դրուի այն պետութիւններուն վրայ, որոնց հետ Հնդկաստան կը զարգացնէ սպառազինութեան համագործակցութիւն: