

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկը (ABMDR) տեղեկացուց, թէ 10 Ապրիլին, Երեւանի մէջ, նուիրատու Գարիկ Պետրոսեանէն վերցուած են ոսկրածուծի ցօղունային բջիջներ, որոնք փոխադրութեան յատուկ ընկերութեան մը միջոցաւ Գերմանիա փոխադրուած են՝ փրկելու համար հոն ապրող Գարիկի քրոջ կեանքը։
Իր տեսակին մէջ 42րդ գործողութիւնը կատարուեցաւ հիմնարկին Երեւանի կեդրոնին մէջ, տոքթ. Անդրանիկ Մշեցեանի, հիմնարկի գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեանի եւ բժշկական բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Միհրան Նազարէթեանի գլխաւորած բժշկական խմբակին կողմէ։
Հիմնարկին նախագահը՝ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, կը յայտնէ, թէ իւրաքանչիւր պատուաստում իր հետ կը բերէ յատուկ մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարումին եւ մահացու հիւանդութիւններ դիմագրաւողներուն կեանքերը փրկելու համար անհրաժեշտ է շարք մը մասնագէտներու սահուն համագործակցութիւնը։
Նշենք, որ 1999ին հիմնուած հիմնարկը ցարդ ունի առաւել քան 33,500 նուիրատուներ 44 երկիրներէ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել abmdr.am. կայքը կամ դիմել (323) 663-3609 թիւին: