12 Ապրիլին, կէսօրէն ետք ժամը 3:25ի շուրջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինուորները տեղափոխող «Ուրալ» փոխադրակառքը, տակաւին անյայտ հանգամանքներու մէջ դուրս եկած է ճամբու երթեւեկի հատուածէն եւ ինկած է ձորակի մը տարածքը:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ըստ նախնական տուեալներուն կան 4 զոհեր: Վիրաւորուած են 20 զինուորներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծայրայեղ ծանր է. միւսները ունին ծանր, միջին եւ թեթեւ աստիճանի վնասուածքներ:
Ըստ «Ազատութեան»՝ արկածը պատահեցաւ Սիւնիքի մարզին մէջ, Մեղրիի տարածաշրջանի Նռնաձորի ճամբուն վրայ: Զինուորները փոխադրուած են Մեղրիի հիւանդանոցը: