Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ «Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան» վարժարանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ, Երեքշաբթի, Յունիս 26ին, նախագահութեամբ ծուխի հոգեւոր հովիւ՝ Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեանի:
5րդ դասարանի եւ 8րդ աւարտական դասարանի շրջանաւարտները թափօրով մուտք գործեցին սրահէն ներս: Հանդիսականները յոտնկայս ունկնդրեցին ամերիկեան եւ Հայաստանի քայլերգները, իսկ բացման աղօթքը կատարեց հայր սուրբը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Աւելի քան 300 ծնողներ, ընտանեկան պարագաներ եւ ազգականներ ներկայ էին այս հանդէսին:
Խնամակալ մարմնի ատենապետ Գէորգ Քէօշկէրեան շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: Ապա 5րդ դասարանի ուսուցչուհի տիկին Ղազարեան ուրախութեամբ յայտնեց, որ յիշեալ դասարանի շրջանաւարտները տարուան ընթացքին պարտաճանաչութեամբ հետեւած էին իրենց դասերուն եւ յաջողութեամբ աւարտած էին իրենց շրջանը:
Վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեան իր խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ ուսման կարեւորութեան մասին եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ «Յովսէփեան» վարժարանի շրջանաւարտները փայլուն յաջողութեամբ իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն անուանի համալսարաններու մէջ: Ան նաեւ իր սրտագին շնորհաւորութիւնները եւ լաւագոյն մաղթանքները փոխանցեց շրջանաւարտներուն:
Վկայականներու բաշխումը կատարեցին հայր սուրբը եւ տնօրէնը: Փակման խօսքին մէջ հայր սուրբը նախ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի անունով շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ապա անձամբ եւ Ծխական խորհուրդի անունով ջերմապէս շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները, ծնողները, ազգականները եւ ներկաները՝ շեշտելով, որ ծնողներու ջանքերով եւ վարժարանի տնօրէնութեամբ, ուսուցչական կազմով եւ եկեղեցւոյ նուիրական հովանիին ներքեւ կը թրծուին եւ կը պատրաստուին ապագայ ղեկավարները հայ ազգին: Ան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Մարկրիթ Յովսէփեան Ֆայայի, որ վերջերս այցելած էր վարժարան եւ կը շարունակէ հետեւիլ վարժարանի գործունէութեան:
Ան ապա կարդաց սրբազան հօր ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքը, որուն մէջ սրբազան հայրը կը գրէր. «Այս առթիւ յատկապէս ի սրտէ մեր գնահատութիւնը կը յայտնենք եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ հոգշ. Տ. Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեանին, որ հայրական գուրգուրանքով հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ ուսանողութեան եւ անոնց մէջ կը զօրացնէ ճշմարիտ հաւատքը եւ հայրենասիրութեան ոգին: Մեր գնահատութիւնը կը յայտնենք նաեւ վարժարանի բոլոր բարերարներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օգտակար ծառայութեան բաժինը բերած են եւ կամ կը շարունակեն զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսանալ դպրոցի վերելքին»:
Հայր սուրբի «Պահպանի»չ օրհնութեան աղօթքով փակուեցաւ շրջանաւարտներուն հանդէսը: Ծնողները զիրար շնորհաւորեցին եւ գոհունակ սրտով բաժնուեցան սրահէն:
(Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Թղթակցութենէն)