ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Արցախի 44օրեայ պատերազմէն ետք, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ հասարակութեան հիմնական մտահոգութիւնը եւ քննարկման առարկան կը շարունակէ մնալ Արցախի հարցը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս Հայաստանի արտաքին մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները։ Ներկայ հանգրուանին, երբ Հայաստան կը դիմագրաւէ արտաքին լրջագոյն վտանգները, վերոնշեալները դարձած են առաջնահերթութիւն եւ շատ բնականօրէն՝ հասկնալի։ Ճիշդ է որ կարգ մը լրատուականներ կ՛անդրադառնան ընկերային երեւոյթներու կամ յոռի բարքերու մասին ահազանգ կը հնչեցնեն, սակայն հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը, մեկնելով երկիրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն, առհասարակ լուռ կը մնայ ի տես այդ երեւոյթներուն։ Հասարակութեան այս հոգեվիճակը եւս հասկնալի է երբ անվտանգութեան սպառնալիքը դամոկլեան սուրի նման կը ճօճուի երկրին վրայ։
Յօդուածի մը սահմաններու մէջ բաւարար պիտի չըլլայ բոլոր յոռի բարքերուն անդրադառնալ։ Իւրաքանչիւր երեւոյթ ինքնին քննարկումներու եւ ուսումնասիրութիւններու կը կարօտի, այդ երեւոյթները վերացնելու կամ անոնց վտանգաւորութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու համար։ Այստեղ կ՛առանձնացնենք երեք երեւոյթներ․ մէկը քաղաքացիներուն կեանքին ուղղակի սպառնալիք, երկրորդը՝ հասարակութեան հաւաքական ախտի ցուցանիշ, որ մեծ չափերու հասած է եւ կը սպառնայ հասարակութեան բարոյական գոյութեան իսկ երրորդը՝ ուղղակի սպառնալիք երկիրի ժողովրդագրական պատկերին։
Այս երեւոյթները մասնայատուկ չեն Հայաստանին եւ հայութեան։ Բոլոր երկիրներու մէջ ալ առաւել կամ նուազ չափով անոնք կան, բայց Հայաստանի նման երկիրի մը պարագային, որ արտաքին վտանգ կը դիմագրաւէ, ներքին դիմադրողականութեան ամրութիւնը նոյնքան անհրաժեշտութիւն է, որքան մարտունակ բանակ ունենալը։ Հիւանդ եւ ապառողջ հասարակութիւնը չի կրնար ոչ ինքզինք, ոչ ալ իր հողը պաշտպանել։
Հայաստանի մէջ ամէնէն մեծ խնդիրներէն եւ մտահոգութիւններէն մէկը կը մնայ ինքնաշարժներու արկածներն ու անոնց հետեւանքով մահերու թիւը։ Միայն Մարտ ամսուան 3րդ շաբթուան ընթացքին պատահած արկածներուն հետեւանքով մահացան 7 հոգի։ Փոքրաթիւ բնակչութիւն ունեցող երկիրի մը համար նոյնիսկ այս թիւը մեծ է։ 2016ին, ինքնաշարժի 3203 արկած արձանագրուած է, մահացած է 267 հոգի, վիրաւորուած՝ 4451։ 2020ին, հակառակ «Քովիտ»ի պայմաններուն, ինքնաշարժի արկածներու թիւի աճ կար. 4016 արկած, 348 մահ եւ 5846 վիրաւոր։ 2022ին արձանագրուած է 4308 արկած, 321 մահ եւ 6153 վիրաւոր։ Ինչպէս նշեցինք, այս թիւերը Հայաստանի նման փոքր բնակչութիւն ունեցող երկիրի մը համար բաւական մտահոգիչ են։ Նկատելի է որ թիւերու աճ կայ տարուէ տարի եւ այս համեմատութիւններով, Հայաստան կը զիջի միմիայն ափրիկեան կարգ մը երկիրներու։ Այս մտահոգիչ երեւոյթին պատճառները բազմաթիւ են։ Մասնագէտներ կը յայտնեն որ հիմնական պատճառը արագութեան գերազանցումն է, իսկ մահերուն մեծամասնութեան պատճառը ամրագօտիներ չկապելը։ Այստեղ դեր ունին նաեւ որոշ ճանապարհներու վիճակը, ոչ-սթափ վիճակի մէջ ինքնաշարժ վարելը, անչափահասներու կողմէ վարուող ինքնաշարժները եւայլն։ Հակառակ պետութեան կողմէ օրէնքներու խստացումին, ինքնաշարժներու արկածները կը շարունակեն անիմաստ մահեր խլել։
Հայաստանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր մտահոգութիւն սկսած է դառնալ նաեւ խաղամոլութիւնը։ Որոշ թիւեր ահազանգային են։ Անցեալ տարի Հայաստանի մէջ ամէնէն շատ այցելու ունեցող կայքէջերուն առաջին եռեակը խաղադրոյքներու (gambling) կայքէջեր են։ Կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն որ միայն 2023ին աւելի քան հինգ միլիառ դրամի խաղադրոյք կատարուած է։ Հայաստանի նման աղքատ երկիրի մը համար լուրջ մտահոգութիւն պատճառող թիւ է այս, եթէ նկատի ունենանք որ այս թիւին մէջ չէ ներառուած խաղասրահներու կամ այլ ձեւերով խաղամոլութեան յատկացուած գումարները։ Հայաստանի կառավարութիւնը արգիլեց նման կայքէջերուն ծանուցումը, յուսալով որ կարելի կ՛ըլլայ այդ երեւոյթին առաջքը առնել, սակայն ոչինչ փոխուած է։ Այս մտահոգիչ երեւոյթին դէմ պայքարելու կոչուած են բոլորը անխտիր, պետութենէն սկսեալ մինչեւ եկեղեցի եւ տարբեր քարոզչամեքենաները։ Մեծ դերակատարութիւն ունի կրթական ոլորտը՝ այսինքն դպրոցներն ու համալսարանները, որոնք կրթութիւն եւ ուսում ջամբելու առընթեր պարտաւոր են բարոյական մարդը կերտել եւ գիտակից հայ քաղաքացին պատրաստել։ Նոյնպէս մեծ դերակատարութիւն ունի եկեղեցին, որ աստուածաբանական խնդիրներէն դուրս գալով իր հաւատացեալներուն նկարագիրին եւ բարոյական դիմագիծի կերտման համար պէտք է աշխատի։
Երրորդ ցաւոտ խնդիրը որ կը յամենայ անկախութենէն ի վեր, տեւաբար շարունակուող արտագաղթն է, որ մեծ սպառնալիք է երկիրի դիմադրողականութեան կորուստին։ Միայն վերջին 10- 12 տարիներուն Հայաստանէն արտագաղթած են շուրջ 400,000 հոգի։ Վերջին քսան տարիներուն ամենամեծ արտագաղթը եղած է 2021ին եւ հասկնալի է թէ ինչու։ Իսկ 2018, 2019 եւ 2020 թուականներուն Հայաստան ժամանողներուն եւ անկէ մեկնողներուն թիւը եղած է դրական։ Արտագաղթի առաջին պատճառը կը մնայ թոյլ տնտեսութիւնը։ Հակառակ անոր, որ 44օրեայէն ետք երկիրը տնտեսապէս որոշ զարգացում կ՛ապրի, սակայն տակաւին արժանապատիւ կեանք ապահովելու բաւարար կռուաններ չեն ստեղծուած քաղաքացիներուն համար, որոնք բախտ կ՛որոնեն օտարութեան մէջ։
Ընկերային այս երեք հարցերը լրջագոյն մարտահրաւէրներ են թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններուն, թէ՛ հայրենի ժողովուրդին եւ թէ կուսակցութիւններուն կամ հասարակական կազմակերպութիւններուն։ Անհատական ճիգերով կարելի չէ պայքարիլ անոնց դէմ։ Անհրաժեշտ է ուսումնասիրուած ռազմավարութիւն ճշդել եւ պետութեան հովանիին տակ գործելով անոնց առաջքը առնել կամ նուազագոյնի հասցնել անոնց ժխտականութիւնը հասարակութեան կեանքին մէջ։