
2020ի պատերազմէն ետք, Ֆրանսայի ակնյայտ հակաատրպէյճանական քայլերը յայտնի են բոլորին, այս հաստատումը կատարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը տուն կանչելու՝ Փարիզի քայլին։
«Թէեւ ֆրանսական կողմը Ատրպէյճանը կը մեղադրէ միակողմանի գործողութիւններու մէջ, սակայն Ատրպէյճանի քայլերը եւ Ֆրանսային ուղղուած պաշտօնական յայտարարութիւնները միայն պատասխանն էին Ֆրանսայի ապակառուցողական գործունէութեան», ըսաւ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Հակառակ մեր երկիրին դէմ զրպարտիչ արշաւին, մենք միշտ երկխօսութեան համար դռները բաց պահած ենք»։
Հաճիզատէ նաեւ յայտնեց, որ վերջին երեք տարիներուն, Փարիզի գործողութիւնները լրջօրէն վտանգեցին Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերը եւ պատճառ դարձան տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի սրման:
Ընդգծելով, թէ Ֆրանսա բազմաթիւ անգամներ Ատրպէյճանի դէմ փաստաթուղթերու եւ բանաձեւերու նախաձեռնած է՝ տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ, որոնց կարգին՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Եւրոպական Միութեան մէջ՝ Հաճիզատէ շեշտեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններով Ֆրանսա ապացուցեց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ չէզոք միջնորդ ըլլալու՝ Փարիզի յաւակնութիւնները անհիմն են:
«Ակնյայտ է, որ Հայաստանը զինելու եւ տարածաշրջանը ռազմականացնելու՝ Ֆրանսայի գործողութիւնները չեն ծառայեր խաղաղութեան», հաստատեց Հաճիզատէ։