
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԽԱՒԱՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ մը երկինքը մասամբ խաւարեցաւ, խաւարում մը ապրեցանք. երկնային հազուադէպ երեւոյթ էր անիկա: Ու ես որոշեցի «խաւար» բառի պատմութիւնը գրի առնել: Երկար էր տեւած հայոց գրական խաւարը, հետեւաբար, անոր մռայլ, թախծոտ եւ մեղաւոր կէսը պատմեցի առաջին յօդուածիս մէջ: Իսկ այսօր, ինչպէս խոստացած էի, հայկական գրականութեան շքեղ ապարանքի խաւարած սրահներուն մէջ, կանթեղ մը բռնած՝ պիտի քալենք ու տեսնենք, թէ դեռ ի՛նչ մռայլութիւններ մնացեր են անոր մութ խորշերուն մէջ: Ապա, պիտի երթանք պատուհաններուն մօտ, բանանք թաւշեայ վարագոյրները, դէպի դուրս հրենք ծանրացած փեղկերը ու ներշնչենք թարմ սիւքը, որ պիտի գայ Պոնտոսէն եւ Մարմարայէն:
ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԱՉՔԸ ԽԱՒԱՐԵՑԱՒ
Շաբաթ մը առաջ Խաւարման գիշեր էր, պոլսահայ ընթերցողներու Լացի գիշերը: Եկեղեցւոյ աղօթասրահին մէջ, կանթեղներու աղօտ լոյսին տակ, Տիրամօր պատկերին առջեւ մտածեցի, թէ Աստուածամօր կեանքը ինչպէ՛ս խաւարեցաւ, երբ իր միամօրիկը տեսաւ խաչի վրայ: Ներսէս Շնորհալին այդ տեսարանը վերածեց սգաւոր տաղի. «Մերկ զքեզ տեսի, որդեա՛կ, / Պնդեալ ի փայտիդ, / Խաւար իմ աչացս այսօր»: Իսկ խաչելութեան տաղին մէջ, Շնորհալին նկարագրեց երկրի եւ երկնքի վիճակը այդ նոյն ժամուն, երբ Քրիստոս խաչուեցաւ. «Արեւն յերկինս խաւար դարձաւ մէջօրէին»:
ԽԱՒԱՐԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
«Խաւար» բառը պայծառ լուսաւորութիւն բերաւ հայկական գրատպութեան: Խարխափումներուս իբրեւ արդիւնք, յայտնաբերեցի, թէ իր անուան մէջ «խաւար» բառը պարունակող հայկական առաջին գիրքը՝ արեւու խաւարման նուիրուած գիտական աշխատասիրութիւն մըն է. «Տետրակ որ կոչի Ծաղկակալ: Համառօտ աշխարհագրութիւնք եւ պատմութիւնք երկնային լուսաւորաց… խաւարումն արեգական», Կալկաթա, 1813: Նոյն նիւթին մասին հայ ժողովուրդը լուսաւորելու համար, Կովկասի հայ գիտնական-հրատարակիչներն ալ ջանք մը թափեցին ու հրատարակեցին գիրք մը. «Արեգակի եւ լուսնի խաւարումը- Ժողովրդական ընթերցանութեան համար», Թիֆլիս, 1892: Ապա լոյս տեսան գիրքեր, որոնց մէջ «խաւար» բառը ունէր հոգեբանական իմաստ. «Խաւարից դէպի լոյս», Թիֆլիս, 1877, «Խաւար աշխարհում. պատմուածքներ», Երեւան, 1909, «Խաւարած ընտանիքը. իրական վէպ հայ ընտանեկան կեանքէ», Պոլիս, 1931:
ՏԱՃԱՐՍ ԹՈՂ ՄՆԱՅ ԽԱՒԱՐ
Միջնադարուն քանի մը տաղասացներու սիրտերը խաւարեցան սիրոյ պատճառով: Մարզուանցի տաղասաց մը շատ հառաչեց եւ լացաւ, որովհետեւ անոր սիրտը պատեց՝ «խաւար սիրու բաներ»: Նոյն օրերուն սասունցին ապրեցաւ երկու խաւար, մէկը մութ, միւսը՝ լուսաւոր: Այսօր, յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ ձեզ Սասուն տանիլ, կարկին խարսխելու համար արժանի մէկ երկիր: Նախ՝ «վառւում էր Մսրայ աստղը փառահեղ, / Սասնայ աստղիկը սուզուեց խաւարում», ապա՝ «Մսրայ աստղ մութ, խաւար էր, / Սասնայ աստղ լո՛ւս, պայծա՛ռ էր»: 1450ականներուն, Նահապետ Քուչակը տեսաւ գեղեցկուհի մը, եւ աշուղին աչքերը խաւարեցան. «Ես աչք ու դու լոյս, հոգի, / առանց լոԲյս՝ աչքն խաւարի»: Օր մը, Քուչակի գիւղին մէջ սովորական գիշեր էր, երբ լուսինն ու աստղերը յանկարծ խաւարեցան, որովհետեւ աշուղին եարը իր շապիկի կոճակները քիչ մը բաց ձգած՝ քնացած էր. «Լուսին, Կու տեսնես շատ կիւզէլ ի քուն, / Եւ զկոճկիկն ալ յարձակս արեր, / Լոյս դիպեր ի մէջ ծծերուն, / Շառաւիղ յերկինս տուեր, / Խաւարեր լոյսն աստղերուն»: Ապա, տղան աղջկան լուռ մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Քո ծոցդ է ճերմակ տաճար»: Աղջիկը կիտեց իր յօնքերը եւ յանդիմանեց անոր համարձակ խօսքերուն համար. «Գնա՛, ծօ տղա՛յ տխմար, / չի վայլես տաճարիս լուսարար. / Երթաս դուն խաղո՛վ լինաս, / ու թողուս տաճարս ի խաւար»:

ՀԻՒՍԻՍԻ ՓԱՅԼԸ
Այժմ շրջապտոյտ մը կատարենք չորս կողմն աշխարհի ու քաղենք հայկական գրական խաւարի լուսաւոր կաթիլները: Հայկական գրականութեան լուսատու պատուհաններէն մէկն էր Խրիմը: Այդ թերակղզիի Կաֆա կամ Ղաֆա հայաշատ քաղաքը հայկական գրչութեան տուաւ բազմաթիւ կենսասէր տաղասացներ: Անոնցմէ մէկն էր Խեւ Կաֆացին: Օր մը, անսպասելի բայց ցանկալի վիճակ, բանաստեղծին կեանքը խաւարեցաւ: Բանաստեղծը ցնծութեամբ ընդունեց այդ վիճակը.
«Է՛, գեղեցիկ պատկեր մաքուր,
Ան օրն ինձի խաւար պատեց,
Որ քեզի դէմ հանդիպեցայ»:
Հիւսիսի այլ բանաստեղծ մը էր հայկական լուսաւորութեան հիմնադիրներէն Լազարեան ճեմարանի գրիչ Ստեփանոս Նազարեանց: Ան «խաւար» բառին մասին գրեց իմաստասիրական խօսք մը. «Խաւարապաշտ մարդիկ փախչում են ճշմարտութիւնից»: Այժմ վայելենք արեւելքի շողերը:
ՀԱՄԲՈՅՐԸ ԽԱՒԱՐԻՆ ՄԷՋ
Իրաւունք ունիք. Թիֆլիս նկատուած է՝ իբրեւ հայկական գրականութեան հիւսիսը: Ճիշդ է, եթէ ձեր հայկական գրականութեան աշխարհը սահմանափակուած է Արաքս գետի արեւելեան ափերով: Իսկ եթէ դուք գրական կարկինը դնէք Երզնկայի, Բաղէշի կամ Մշոյ վրայ, այն ժամանակ կ՛ուղղուի ձեր քարտէզը: Վերադառնանք Թիֆլիս: Կուր գետին վրայ, 1908ին լոյս տեսաւ համեստ արտաքինով, անզարդ, միջակ հաստութեամբ գիրք մը՝ «Մթնշաղի Անուրջներ». հեղինակը Վահան Տէրեանն էր: Այդ օրը, հայ ընթերցողը ծանօթացաւ քնարական խաւարներու ընտիր գանձարանի մը: Այդ գիրքին մէջ 16 անգամ գործածուած է «խաւար» բառը: Ահա Մթնշաղի քանի մը փայլատակում. «Յիշի՛ր դու խաւարում տանջուողին», «Ինձ խաւարն է ճնշում», «Խաւարներում ինձ գթա՛», «Զարդարեցիր քո անոյշ սուտով / Իմ տխուր կեանքի մշուշը խաւար», «Քո գրկում կայ սիրուց անոյշ մի հիացում, / Քո խաւարում — մոռացութեան մի ակնթարթ», «Խաւարում / Յիշո՞ւմ ես ջերմ շուրթերի / Հանդիպումը հրահրուն»:
ՀԱՐԱՒԻ ԽԱՒԱՐԸ
Մեր գրական շրջապտոյտի ծիրէն ներս անշուշտ որ պիտի երթանք Նախիջեւան՝ գողթան երգիչներու ծննդավայրը: Շոռոթ համբաւաւոր բնակավայրի տաղասաց, եպիսկոպոս, անուանի քարոզիչ, Հոռմի մէջ բանագնաց Առաքել Շոռոթեցին, 1650ականներուն գրեց խրատական մը եւ ըսաւ. «Պահ մի նմանիմք քահանային / Եւ ուղղափառ վարդապետին, / Լուսաւորեմք խաւար հոգին»: 1700ին, շոռոթեցի մէկ այլ բանաստեղծ՝ աշուղ, նկարիչ, ծաղկող, Սայաթ Նովայի նախորդը եւ աւագը, Յովնաթանեան տոհմի հիմնադիր Նաղաշ Յովնաթանն ալ արտասանեց իմաստուն խօսք մը. «Չկարդացող մարդը խաւար է ու կոյր, / Կարդացողի միտքն է պայծառ եւ սուր»: Շոռոթէն քիչ մը եւս հարաւ ճամբորդենք՝ Սալմաստ, ուր պիտի ծնէր Րաֆֆին: Վիպագիրը, հայկական լուսաւորութեան մէկ այլ ռահվիրա, «խաւար» բառը պիտի օգտագործէր հայ ազգին յառաջդիմութիւն տալու համար: Ահա երկու ընտիր միտքեր. «Լինում են յետադէմներ եւ յառաջադէմներ: Խաւարամիտներ եւ ազատամիտներ, խաւարասէրն ամէն տեղ լուսոյ դէմ պատերազմում է», «Մենք խաւարից ի լոյս ածեցինք մի ամբողջ պատմութիւն»: Այժմ ուղղուինք մեր վերջին հանգրուանը՝ Պոլիս, ուր Մարմարա ծովու զեփիւռը պիտի փչէ:
ԽԱՒԱՐԸ ՊՈՍՖՈՐԻ ՎՐԱՅ
Պետրոս Դուրեան «Սեւ Հողեր Կամ Յետին Գիշեր Արարատեան» պատմական ողբերգութեան մէջ 22 անգամ գործածեց «խաւար» բառը: Կը հասկնա՞ք, տղան (17 տարեկան էր) որքա՛ն շատ փորձած է պատմել Հայաստանի ցաւը եւ թշուառութիւնը: Նպատա՞կն անոր… Ազգային եւ հոգեւոր լուսաւորութիւն: Այժմ դուք կուզէ՞ք «Արարատեան Գիշեր»ի խաւարները տեսնել՝ ութեակ մը քնարական. «Լո՜յս, լո՜յս խաւար աչքերուս», «Պայծառ օրերն ալ խաւարեցան», «Խաւարն ինձ գերեզման մը կը թուէր», «Թող գիշերն իր խաւար ծոցին մէջ ծածկէ մատնութիւնս», «Խաւարին մէջ թշնամի փնտռեց»ջ, «Ահա կը խաւարի Հայաստանի պերճ բախտը», «Ո՜վ երկինք, դուք գոնէ գթութեան կաթիլ մը ցօղեցէք թշուառ ճակտիս վրայ, դուք գոնէ յուսոյ նշոյլ մը սփռեցէք խաւար հորիզոնիս վրայ», «Մահաբոյր խաւար պատեց», իսկ վերջինը՝ «Խաւար է Հայաստանի ճակատագիրը»: Ինտրան, որ Պոլսոյ սեւ նոճիներու շուքին տակ կը խորհրդածէր, 1905ի Յուլիս ամսուան ջերմութիւնը անտեսելով՝ փափաքեցաւ մնալ սգաւոր. «Եթէ մահն անէացում է խաւար՝ / Թողէ՜ք զիս, նո՛ճք, որ տխրագին մեղանչեմ»: Իսկ Դանիէլ Վարուժան հայրենի մարագներու խաւարին մէջ գտաւ լոյսը. ոսկեգոյն ցորենն էր անիկա. «Ո՛վ մարագներ, մարագներ. / Ձեր պատերուն մէջ խաւար / Թող նոր արեւ նշողէ»:
ԽԱՒԱՐ Է ՍԷՐ ԱՌԱՆՑ ՔԵԶ
Յարգելի ընթերցող, շատ որոնեցի երգ մը, որ սիրոյ ցաւէն քիչ մը խաւարած սիրտի երգն ըլլար: Խիստ հազուագիւտ էին անոնք: Բայց, վերջապէս գտայ հին մեղեդի մը, ուր գիշերն ու ցերեկը, լոյսն ու խաւարը դարձան անտարբեր, երբ բացակայ էր սէրը: Այդ երգի բարի վայելում՝ մինչեւ յաջորդ հանդիպում.
«Արշալոյսը արդէն բացուեց,
արեւն ժպտաց, հաւքը երգեց
Բայց իմ հոգին դեռ խաւար է,
Գիշեր, ցերեկ ո՞նց տարբերեմ,
իմ սէր առանց քեզ:
Անցի?ր, այ գետակ, քո ճամբան ոլոր
Էլ ի՞նչ ես կանգնել, ինձ նման մոլոր»: