Վերջերս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, շրջանս կը գտնուէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 32րդ մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն ներկայ գտնուի եւ Կեդրոնական վարչութեան պատգամը փոխանցէ:
Գ. Մկրտիչեան Միացեալ Նահանգներ ժամանեց Հինգշաբթի, 28 Յունիսին եւ նոյն երեկոյին իսկ այցելեց Շրջանային վարչութեան գրասենեակը եւ մասնակցեցաւ Շրջանային վարչութեան շաբաթական հերթական ժողովին, ընկերակցութեամբ Կեդր. վաչութեան անդամներ Մհեր Դաւիթեանի եւ Մանուէլ Մարսէլեանի:
Գ. Մկրտիչեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան հրաւէրին համար եւ ապա անդրադառնալով շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան, մեծապէս գնահատեց տարուող ընդհանուր եւ յատկապէս Նաւասարդեան աշխատանքները, որոնք հայկական իրականութենէն ներս եզակի երեւոյթներ են: Ան ընդգծեց նաեւ շրջանի ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւնը Կեդրոնական վարչութեան, որուն քառամեայ գործունէութիւնը շուտով կ’աւարտի եւ ընդհանուր ժողովը կը կատարէ անոր արժեւորումը:
Այնուհետեւ, ան ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց աշխարհատարած Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի աշխատանքներուն մասին, որոնք կը կատարուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 10 Շրջանային եւ 16 Մեկուսի շրջաններու մէջ գործող 99 մասնաճիւղերով:
Ամէն օր Նաւասարդեան փառատօնը այցելելուն առընթեր, Ուրբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան, Գ. Մկրտիչեան ներկայ գտնուեցաւ «Եունիվըրսըլ շերաթըն» պանդոկը տեղի ունեցած Նաւասարդեանի յաղթանակի պարահանդէսին, իսկ Շաբաթ, 7 Յուլիսին՝ փակման հանդիսութեան, որու ընթացքին նաեւ փոխանցեց իր պատգամը եւ մասնակցեցաւ յաղթանակի բաժակներու յանձնումի արարողութեան: Նոյն օրը, Նաւասարդեան եզրափակիչ աշխատանքներուն մասնակցեցաւ նաեւ Արեւելեան Ամերիկայէն Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահրամ Դանիէլեան: Պէտք է ընդգծել, թէ առաջին անգամ ըլլալով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան չորս անդամներ միասին ներկայ կը գտնուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերուն, որ մեծ հպարտանք է այս շրջանին համար:
Հակառակ հեւքոտ շաբթուան, Կիրակի, 8 Յուլիսի առաւօտեան, Կեդրոնական վարչութեան չորս անդամները, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանի եւ փոխատենապետ Յովիկ Պետեւեանի ընկերակցութեամբ, այցելեցին Թաքուիթց բանակավայրը: Կեդրոնական վարչութեան հիւր եղբայրները հիացմունքով քննեցին բանակավայրի մանրամասնութիւնները եւ քանի մը ժամեր վայելեցին անոր բարիքները:
Յայտնենք, թէ այս բանակավայրը շուտով Հ.Մ.Ը.Մ.ի սեփականութիւնը պիտի դառնայ, որուն համապատասխան աշխատանքները ընթացքի մէջ են:
Գ. Մկրտիչեան եւ Վ. Դանիէլեան, շրջանի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց անդամներուն հետ այցելեցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր նստավայրը, որ վերանորոգման աշխատանքներու մէջ է եւ շուտով Շրջանային վարչութիւնը իր աշխատանքները պիտի սկսի այս նոր կեդրոնէն:
Կեդրոնական վարչութեան անդամները բարձր գնահատեցին Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութիւնները նոր կեդրոն եւ բանակավայր գնելու քաջարի որոշումներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծագոյն շրջանէն ներս բեղուն գործունէութիւն տանելու բացառիկ աշխատանքներուն համար:
Երկուշաբթի, 9 Յուլիսի երեկոյեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու շրջանը գտնուող անդամները հանդիպում մը ունեցան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու վարչութեանց հետ, որ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնը:
Գ. Մկրտիչեան լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընդհանուր նուաճումներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ան ուրախութեամբ փոխանցեց, թէ Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի ֆութպոլի խումբը վերամիացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին, Ամմանի եւ Վիեննայի մասնաճիւղերը վերաշխուժացած են, իսկ Թեհրանի (Պարսկաստան) Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութիւնը (ՀՄԱԿ) մօտէն կը գործակցի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿի հետ եւ դաստիարակչական մարզէն ներս, յատկապէս խմբապետ-խմբապետուհիներ պատրաստելու գծով մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ անոնց: Գործակցութեան սերտ կապեր գոյութիւն ունին նաեւ Պարսկաստանի «Սիփան» միութեան հետ:
Միւս կողմէ, ան ցաւ ի սիրտ փոխանցեց, թէ քաղաքական հասկնալի պատճառներով Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ նոյն աշխուժութիւնը գոյութիւն չունի: Ղեկավարներ պատրաստելու հեռանկարով քանի մը խմբապետական դաստիարակչական նախաձեռնութիւնները կարելի չեղաւ իրականացնել: Աւելի՛ն, տեղի չունեցաւ նաեւ գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած Հայաստանի առաջին անկախութիւնը յատկանշող Մայիս 28ի տարեկան փառատօնը:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը հետաքրքրող տեղեկութիւններու փոխանցումէն ետք, Գառնիկ Մկրտիչեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Հանդիպման աւարտէն ետք, Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց անդամ-անդամուհիները, «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան առաջնորդութեամբ այցելեցին մասնաճիւղի նոր կեդրոնը եւ հիացմունքով հետեւեցան անոր մանրամասնութիւններուն եւ տրուած բացատրութեամբ, մեծապէս գնահատելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ամենաբազմանդամ եւ գործունեայ մասնաճիւղի յանդուգն քայլը:
Երեքշաբթի, 10 Յուլիսի երեկոյեան, Գ. Մկրտիչեան եւ Վ. Դանիէլեան ուղիղ եթերով հարցազրոյց մը ունեցան «Հորիզոն»ի «Կիզակէտ» յայտագրէն եւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեցին հանրութեան եւ պատասխանեցին ուղղուած հարցումներուն:
Չորեքշաբթի, 11 Յուլիսին, ծանօթ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Գօգօ Պալեանի ընկերակցութեամբ, Գ. Մկրտիչեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային վարչութեան գանձապահ Վահան Պզտիկեանի հետ:
Երկու շաբթուան իր այցելութեան ընթացքին, Գ. Մկրտիչեան իր այցելութիւններով, փոխանցած տեղեկութիւններով եւ խրախուսական ելոյթներով, մեծապէս նպաստեց շրջանի աշխատանքներու առաւել աշխուժացման:
Իրենց կեցութեան ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան անդամները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնն ու մասնաճիւղերը, որոնք հեռաւոր այս ափերուն ամէն ճիգ կը թափէն իրենց հոգածութեան յանձնուած երիտասարդութեան առողջ միջավայր մը ստեղծելու: Երկու պատասխանատուներն ալ մեծապէս տպաւորուած մեկնեցան շրջանէն, Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն ժողովին դարձեալ հանդիպելու խոստումով: