Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2007 թուականը «Հայ լեզուի տարի» հռչակուելուն առիթով, Սպահանի հայոց Թեմական խորհուրդը յառաջացուց յանձնախումբ մը՝ նոյն առիթով ձեռնարկներ կազմակերպելու նպատակով։ Յանձնախումբին ծրագրած աշխատանքներուն ծիրին մէջ, նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին, կազմակերպուեցան աշխատանքային դասընթացքներ Նոր Չուղայի եւ Շահինշահրի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն համար: Այս առիթով հրաւիրուած էր Հայաստանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լալիկ Խաչատուրեանը։
Դասընթացներուն բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Յունիսին, ազգային «Արմէն» դպրոցի սրահին մէջ:
Հայ լեզուի տարուան յանձնախումբին անունով Քարոլին Դիլանչեան ողջունելէ ետք ներկաները հրաւիրեց Բաբգէն եպս. Չարեանը, որ գնահատական խօսքեր ուղղեց աշխատանքը կազմակերպողներուն՝ վեհափառ հայրապետին կողմէ 2007 թուականը «Հայ լեզուի տարի» հռչակելու կոչին անսալու բերումով: Այնուհետեւ Կրթական խորհուրդի ատենապետ Հրայր Շահնազարեան ներկայացուց դասընթացներու կազմակերպչական ընթացքը, ներկայացուող նիւթերուն բնոյթը եւ կարեւորութիւնը եւ յոյս յայտնեց աշխատանքին կարգապահութեամբ հետեւելու եւ համապատասխան արդիւնքը քաղելու կապակցութեամբ։
Այնուհետեւ Լալիկ Խաչատուրեան խօսք առնելով իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս ծրագիրին՝ յուսալով, որ պիտի կարենայ օգտակար հանդիսանալ:
Ութօրեայ սեղմ աշխատանքային ծրագիրը կը բովանդակէր հայոց լեզուի հնչիւնային, գրային համակարգերուն, ձեւաբանական եւ շարահիւսական հարցերուն, հայեցի լեզուամտածողութեան զարգացման միջոցներուն, գրականութեան ու հայոց պատմութեան ուսուցման ձեւեր եւ քննարկումներ: Մասնակցողները առիթ ունեցան ներկայացնելու իրենց անձնական տեսակէտները։
Դասախօսական ելոյթներ ունեցան նաեւ Նոր Չուղայէն՝ Հրայր Շահնազարեան, Ազատ Մաթեան, Քարոլին Դիլանչեան, Դրօ Ծատուրեան եւ Թովմա Գալստանեան։
Նշենք, որ Հայ լեզուի տարուան յանձնախումբը 30 Յունիսին Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան տան մէջ կազմակերպեց դասախօսական երեկոյ մը «Լեզուին եւ դպրոցին դերը՝ հայապահպանման գործին մէ»ջ նիւթով։ Յանձնախումբին անունով Կարին Տէր Մարտիրոսեան ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց օրուան բանախօս Լալիկ Խաչատուրեանի կենսագրական գիծերը։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Լալիկ Խաչատուրեանը, որ յայտնեց, թէ լեզուն, իբրեւ ազգի գոյատեւման միջոց եւ ազգը միաւորող գործօն, իր վերացական հասկացողութեամբ առնչութիւն ունի դպրոցին, եկեղեցիին եւ մշակոյթին հետ եւ հաստատեց, թէ լեզուն ժառանգական երեւոյթ չէ, հետեւաբար զայն պահպանելու մէջ մեծ դեր ունին՝ ընտանիքը, գիրքը, խօսքը: Ան շեշտեց, թէ կարեւոր է լեզուի միջոցով երեխային դաստիարակելը, որ կը սկսի ընտանիքէն, եւ պէտք չէ յոյսը ձգուի միայն դպրոցին վրայ: Դասախօսը նաեւ անդրադարձաւ լեզուի միջոցով մեր ժողովուրդի մշակութային արմատներուն եւ այլ մշակութային արժէքներուն: