28 Սեպտեմբեր 2023էն ի վեր Պաքուի բանտին մէջ գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան 5 Ապրիլին հացադուլ յայտարարեց։ Այս մասին հաղորդեց Վարդանեանի ընտանիքը:
Ան կը պահանջէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զինք եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող միւս հայ բանտարկեալները:
Վարդանեանի ընտանիքը կը յայտնէ, որ հացադուլի սկսելէ ետք դադրեցուած են անոր հեռաձայնը: Ընտանիքը ասիկա միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքներու բացայայտ խախտում կ՛որակէ՝ նաեւ նշելով, որ Յունուարին սպասուող դատաքննութիւնը առանց պատճառի յետաձգուեցաւ մինչեւ Մայիս:
Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեան, յայտարարեց, որ խորապէս մտահոգուած է հօր առողջութեամբ եւ վիճակով: «Աւելի քան 200 օր մենք չենք տեսել նրան: Ապրիլի 5ից` հացադուլն սկսելուց ի վեր, նրա հետ բացարձակապէս կապ չենք ունեցել», ըսաւ ան:
Վարդանեանի ընտանիքը կը պահանջէ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը անյապաղ մուտքի կարելիութիւն տայ Միջազգային Կարմիր Խաչին` Ռուբէն Վարդանեանին եւ միւս բանտարկեալներուն վիճակը գնահատելու համար, վերականգնէ հեռաձայնային կապը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղ համաձայնագիր պէտք է ներառէ բոլոր հայ բանտարկեալներուն ազատ արձակումը, COP 29-ը պէտք չէ տեղի ունենայ Ատրպէյճանի մէջ՝ առանց նշուած քայլերու իրագործման:
Պաքու Ռուբէն Վարդանեանի հացադուլին մասին ոչինչ յայտարարեց։
«Սփութնիք Արմէնիա»ն այս գծով դիմեց Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունիին, որ յայտնեց, թէ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն չի կրնար տեղեկութիւններ հրապարակել Պաքուի մէջ պահուող հայերու առողջական վիճակին մասին, կոմիտէն այսպիսի հարցերով կը զբաղի գաղտնի կարգով: «Կարող եմ տեղեկացնել, որ Ապրիլին մենք հերթական անգամ այցելել ենք բոլոր անձանց, այդ թւում` նշուած անձին: Անձանց պահման պայմանների, նրանց առողջական վիճակի հարցը կոնֆիդենցիալ (խորհրդապահական) է. մենք դրանք քննարկում ենք անմիջապէս իրաւասու մարմինների եւ հէնց անձանց հետ», ըսաւ Ամատունի: