Լեռնային Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահ զօրախումբի խումբ մը զինուորներ եւ ինքնաշարժներու շարասիւն մը ուղղուեցան Գորիսի եւ Սիսիանի ժամանակաւոր տեղակայման վայրեր՝ անոնց փակման աշխատանքները կազմակերպելու համար: Այս հաստատումը կատարեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումին:
«Լեռնային Ղարաբաղում տեղակայուելու եւ խաղաղապահ գործունէութիւն ծաւալելու համար ՌԴ (Ռուսատանի Դաշնութեան) խաղաղապահ զօրախբմին ՀՀ կառավարութեան կողմից ժամանակաւոր տեղակայման վայրեր են յատկացուել Գորիսում եւ Սիսիանում: Տեղանքը ընտրուել էր այդ թւում Լաչինի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնն ապահովելու նպատակադրմամբ: Քանի որ ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբը լքում է Լեռնային Ղարաբաղը, հասկանալիօրէն չի կարող մնալ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում: ԼՂ խաղաղապահ զօրախմբի մի խումբ զինծառայողներ եւ աւտոշարասիւն ուղեւորուել են Գորիսի եւ Սիսիանի ժամանակաւոր տեղակայման վայրեր դրանց փակման աշխատանքները կազմակերպելու համար», նշեց Գրիգորեան:
Աւելի կանուխ հաղորդուեցաւ, որ Արցախէն դուրս եկող ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժներու շարասիւնը՝ հատելով Բերձորի միջանցքը, ուղղուեցաւ Գորիս՝ Հայաստանի ռազմական ոստիկանութեան ինքնաշարժին ընկերակցութեամբ:
Առաջին ալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները Ղարաբաղէն դուրս բերելը կը համապատասխանէ տարածաշրջանին մէջ իրողութիւններուն, որոնք ստեղծուեցան «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի սահմանները 1991ի դրութեամբ ճանչցուելէն ետք»:
«Այդ պատճառով աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները փոխուած են հոն, եւ, ըստ էութեան, այնտեղ այլեւս գործառոյթներ չմնացին անոնց համար», ըսաւ Փեսքով:
Ան նաեւ արձագանգեց Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ՝ Տաւուշի մէջ «ռուսական յենակէտերը յայտնուել են մի իրադրութեան բերումով եւ այն, ինչ տեղի է ունենում հիմա, ի հարկէ իրադրութեան էական փոփոխութիւն է եւ այդ փոփոխութիւնը պէտք է իր ազդեցութիւնն ունենայ բոլոր ուղղութիւններում: Դա նշանակում է, որ մենք առաջնագիծ չունենք եւ մենք ունենք սահման, իսկ սահմանը խաղաղութեան նշան է, իսկ դա նշանակելու է, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի սահմանապահներն իրար հետ փոխգործակցելով ինքնուրոյն ի վիճակի են լինելու իրականացնել սահմանի պահպանութիւնը»:
Փեսքով URA.ru-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ տեղակայուած 102րդ ռուսական ռազմակայանը դուրս բերելու մասին ազդանշաններ չեն եղած: Ըստ անոր՝ Մոսկուա կ՛ակնկալէ, որ մօտիկ ապագային նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Նիկոլ Փաշինեան կարելիութիւն պիտի ունենան քննարկելու այս եւ այլ հրատապ հարցեր՝ առանց յստակ ժամկէտի մաստի խօսելու: