
23 Ապրիլին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն ընթացք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը, որ այս տարի ունէր «Զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ» նշանաբանը:
Նախքան երթին սկսիլը, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեան ընթերցեց Աւետիս Ահարոնեանի՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած «Յարգա՜նք քեզ» ձօնը:
Ելոյթներ ունեցան ընկերաբան, իրանագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սարգիս Մկրտչեան, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գոռ Սարգսեան:
Սարգիս Մկրտչեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստան կը գտնուի շատ բարդ իրավիճակի մէջ, որմէ դուրս գալու համար պէտք է հասկնանք, որ թշնամին կ՛ուզէ, որ հիասթափինք, կոտրուինք, բայց մենք պէտք է պատրաստուինք երկարատեւ պայքարի՝ յանուն ազատագրական պայքարի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն:


Գառնիկ Դանիէլեան իր խօսքը սկսաւ՝ կոչով. «Մենակ չթողնէք տաւուշցուն, Արցախը կորցրինք՝ չկարողանալով համախմբուել, Տաւուշը մեր դարպասն է»՝ նշելով, որ Տաւուշի մէջ ստեղծուած է հայրենիքի պաշտպանութեան ճակատ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանի առաջնորդութեամբ, եւ տաւուշցին կանգնած է՝ պաշտպանելու իր հողը:
Երթին մասնակցողները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները, ապա «Պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր» վանկարկումներով, հայրենասիրական երգերով եւ պահանջատիրական կոչերով շարժեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:
Երթը կ՛առաջնորդէր հոգեւոր դասը: Մասնակցողները բարձրացուցած էին դրօշները այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:


Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեան Ծիծեռնակաբերդի մէջ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ հայ ժողովուրդին՝ ըսելով. «Ով փորձում է ջնջել կամ կասկածի տակ առնել Հայոց Ցեղասպանութեան իսկութիւնը, նզովեալ պիտի լինի սերնդէսերունդ, ով փորձում է ջնջել պատմական մեր յիշողութիւնը, անիծեալ պիտի լինի նրա ու նրա ընտանիքի անունն ու յիշատակը յաւիտենապէս»:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ երթին մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին:
Երթին մասնակցողները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ:
Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:


