ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Պաքու Ֆրանսայի իր փաստաբաններուն միջոցով, Տռոմ նահանգին մէջ գտնուող Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետարանէն պահանջեց վար առնել Արցախի դրօշակը, որ կը ծածանի քաղաքի մուտքին։ Ուշագրաւը այն է, որ այս պահանջը ներկայացնող նամակը քաղաքապետարանը ստացած է Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը, երբ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Քաղաքապետ Մառլէն Մուռիէ իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Կարեւոր է այս թուականը ոգեկոչել, մինչ երկրորդ ցեղասպանութիւն մը կը սպառնայ հայ ժողովուրդին, եթէ կառավարութիւնները եւ միջազգային կառոյցները չարձագանգեն։ Դրօշակը վերցնելու այս պահանջով Պուռ-լէ-Վալանսը անգամ մը եւս կ՛ենթարկուի Պաքուի ճնշումին», արձագանգեց քաղաքապետարանը, որ հաստատեց, թէ «ատրպէյճանական բռնապետութեան այս նոր միջամտութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետութեան մէկ համայնքին որոշումներուն՝ կու գայ աւելնալու քաղաքապետարանին նախապէս ենթարկուած յարձակումներու ցանկին, որոշներ՝ տիկին քաղաքապետի անձին դէմ ճնշումներով»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.