ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (AEF) կը տեղեկացնէ, թէ Նաթալի Գասապեան եւ Սեւ Օհանեան ամոլին հաստատած հիմնադրամին շնորհիւ, այսուհետեւ պիտի կարենայ նաեւ կրթանպաստներ յատկացնել շարժապատկերի ճիւղին մէջ մասնագիտացող հայ ուսանողներու։ Ընտրեալները չորս տարիներու աջակցութիւն պիտի ստանան։
Գասապեան եւ Օհանեան ֆիլմարտադրողներ են, որոնց արտադրած ֆիլմերուն շարքին են՝ Searching-ը, Run-ը, Missing-ը, All About Nina-ն եւ The Persian Version-ը։ Օհանեան նաեւ շարք մը ֆիլմերու բեմագիրն է։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Հիմնարկութիւնը ներկայիս կը տնօրինէ կրթանպաստներու 26 հիմնադրամներ։ Անոր գործունէութեան զօրակցելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: