Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ Գերմանիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Ֆրանք Շուապէ, որ ԵԽԽՎէն Ատրպէյճանի պատգամաւորական խումբի վտարման նախաձեռնութեան հեղինակներէն է, դատապարտեց ատրպէյճանցի յայտնի իրաւապաշտպան, նախկին քաղաքական բանտարկեալ Անար Մամետլիի ձերբակալութիւնը եւ պնդեց, որ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը ԵԽԽՎի մէջ տեղ չունի։
«Ատրպէյճանի ոչ-օրինական նախագահ Իլհամ Ալիեւը շրջապատող յանցագործ խմբաւորումը համարձակեցաւ բանտարկել Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ Վացլաւ Հաւելի անուան մրցանակի դափնեկիր Անար Մամետլին: Ատրպէյճանի համար դէպի ԵԽԽՎ վերադարձի ճամբայ չկայ՝ ոչ հիմա, ոչ ալ Յունուարին», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Շուապէ: