
Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ ազգային-քաղաքական գործիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի հեղինակած «Աստղերու Հաւատքով» բանաստեղծութիւններու հատորին ներկայացումը։ Ստորեւ՝ այդ մասին Շիրակի մարզային գրադարանի լրատուութիւնը․
30 Ապրիլին, Շիրակի մարզային գրադարանի ընթերցարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի հետ։ Հանդիպման առանցքը հեղինակին նոր լոյս տեսած բանաստեղծութիւններու ժողովածուի շնորհահանդէսն էր։
Հանդիպման ընթացքին, գրողին հետ Երեւանէն գրադարան եկած էին «Սիվիլնէթ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան, գրող, լրագրող եւ մեկնաբան Սագօ Արեան ու Լոս Անճելըսի «Հորիզոն» հայկական պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր արտադրող եւ լրագրող Վրոյր Թադեւոսեան:
Հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան Շիրակի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ՝ բաժանմունքի նախագահ Անդրանիկ Կարապետեան, գրողներ՝ Գագիկ Սարոյեան, Ռոպերթ Եսայեան, Գիւմրիի դրամատիկական թատրոնի դերասանուհի, թատերական բաժինի դասախօս եւ դերասանուհի Յասմիկ Սուվարեան, Գիւմրիի թիւ 1 աւագ դպրոցի աշակերտներ, մանկավարժներ, Գիւմրիի թիւ 1 արհեստագործական պետական ուսումնարանի խումբ մը ուսանողներ, գրադարանի աշխատակիցներ եւ գրքասէրներ։


Գրադարանին տնօրէնը՝ Գ. Ամիրեան, ներկայացնելով հիւրերը՝ իբրեւ նախաբան ըսաւ, որ Քալիֆորնիոյ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ կարեւոր հեղինակութիւն ունեցող գործիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու Հաւատքով» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին մէջ կը զգացուի արեւմտահայ բանաստեղծութեան ոգին, որ այսօր նոր շունչ կը ստանայ արեւմտահայերէնով ստեղծագործողներու շնորհիւ։ Գիրքին մէջ ընթերցողը կը գտնէ սիրոյ, կարօտի, բաժանման, հիասթափութեան եւ վերջապէս՝ անկեղծ ապրելու, նուիրուելու վեհ եւ մարդկային զգացումներ:
Հանդիպումին ընթացքին, Յովսէփեան ներկայացուց իր ստեղծագործական ճանապարհը, մեկնաբանեց իր կարգ մը բանաստեղծութիւնները, բացատրեց անոնց իմաստը, գրելու շարժառիթները եւ հանգամանքները։ Ան հաճոյքով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, ընթացքին անձամբ ընթերցելով իր գրած բանաստեղծութիւններէն մի քանին։
Հարցում-պատասխանի միջոցով, հանդիպման մասնակցողները հաղորդակից դարձան գրողի ներքին որոնումներուն եւ զգացումներուն։
Սուվարեան եւ թիւ 1 աւագ դպրոցի աշակերտները կարդացին գրողին բանաստեղծութիւններէն մի քանին։ Ընթացքին ցուցադրուած տեսահոլովակով հեղինակը ներկայացաւ իր բանաստեղծութիւններու ընթերցումով:
Հանդիպման աւարտին, հեղինակը ներկաներուն մակագրեց եւ նուիրեց «Աստղերու Հաւատքով» գիրքի օրինակներ։
Ամփոփելով ջերմ եւ անկաշկանդ մթնոլորտի մը մէջ դոկտոր Վիգէն Յովսէփեանի հետ հանդիպումը՝ Գ. Ամիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցողներուն կարեւոր համարելով արեւմտահայերէնը պահելու, փայփայելու եւ խօսելու այսօրուան հրամայականը:
