Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքաեւ ողջունեց Ալմա Աթայի մէջ բանակցութիւններ ունենալու՝ Երեւանի եւ Պաքուի համաձայնութիւնը: Անոր յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
«Կ՛ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան համաձայնութիւնը` Ղազախստանի առաջարկով երկու պետութիւններուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութեան շուրջ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն վերաբերեալ», կը յայտնէ Թոքաեւ, որ խորհրդանշական կը նկատէ այն երեւոյթը, որ այս կարեւոր իրադարձութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ալմա Աթայի մէջ, ուր Դեկտեմբեր 1991ին ստորագրուեցաւ Ալմա Աթայի պատմական հռչակագիրը, որուն միջոցաւ ամրագրուած են ԱՊՀ երկիրներու անկախ զարգացման եւ միջպետական սահմաններու յստակացման սկզբունքները:
Ըստ Թոքաեւի` յառաջիկայ հանդիպումը պիտի ծառայէ Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանաւորուածութիւններու գործնական իրականացման եւ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ ամուր եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան շուտափոյթ հաստատման: