Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)
– Բախչինեան Արծուի, «Հայերն Աֆրիկայում. Պատմա-բանասիրական Ուսումնասիրութիւն», խմբագիր՝ Գէորգ Ստեփանեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 293 էջ, 16 x 20 սմ., Ափրիկէի, բացառութեամբ Եգիպտոսի ու Եթովպիոյ, 25 երկիրներու մէջ հայկական ներկայութիւնը, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ափրիկեան լինգալա լեզուով ամփոփումներ, մէկ յաւելուած՝ «Հայ-աֆրիկեան Շփումներ՝ Այլ Երկրներում», օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր:
– Գասպարեան Դաւիթ, «Հայ Գրականութիւն», 7-րդ գիրք, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 580 էջ (յօդուածներու ժողովածու):
– Գասպարեան Դաւիթ, «Չարենց», «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 404 էջ:
– Զարեւանդ, «Կրնա՞նք Հաշտուիլ Թուրքին Հետ», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 10, տպարան «Զաւէն եւ Որդիք», Պէյրութ, 2023:
– Թէնպէլեան Վարուժան, «Լեւոն Շանթի Անաւարտ Ուղեւորութիւնը՝ Մարդուն Փնտռտուքը Հայուն Մէջ», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 9, տպարան «Զաւէն եւ Որդիք», Պէյրութ, 2023:
– «Հայաստանը Սպանական Աշխարհին Մէջ (Armenia en el mundo hispano)», խմբագիր՝ Միկել Անխել Սոռոչէ Քուեռվա (Miguel Ángel Sorroche Cuerva), «Ալhուլիա» (Alhulia) հրատարակչութիւն, Կրանատա, Սպանիա, 2024(նախաբան, ներածութիւն եւ հայ ու սպանագիր տարբեր հեղինակներու 13 յօդուած-ուսումնասիրութիւններ), սպաներէն: Ժողովածուն հրատարակուած է Սպանիոյ կառավարութեան եւ կրթութեան, մշակոյթի ու մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ:
– «Հայաստանի Դիւանագիտական Ներկայացուցիչ Ֆերդինանդ Թահթաճեանի Փաստաթղթերը Վատիկանի Արխիւում – Փաստաթղթերի Ժողովածու (1919-1923)», կազմեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Վահան Ծ. վրդ. Օհանեան, 2023 (Մարտ 2024), Օսմանեան տէրութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչի փաստաթուղթեր՝ հանուած Վատիկանի գաղտնի դիւանէն, հայերէն եւ օտար այլ լեզուներ: Ժողովածուն լոյս տեսած է Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան օժանդակութեամբ:
– Հոֆման Թեսսա, «Քրիստոնեայ Բնիկ Ժողովուրդներու Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Տէրութեան մէջ. Հայեր, Յոյներ, Սուրիացի-արամէացիներ / Ասորիներ / Քաղդէացիներ», ընդարձակ վաւերագրական բաղկացած 3 մասերէ եւ ուսուցման 8 միաւորներէ (Der Genozid an den indigenen Christen des Osmanischen Reiches: Armenier, Griechen, Syro-Aramäer/Assyrer/Chaldäer; eine ausführliche Dokumentation mit drei Modulen von je acht Unterrichtseinheiten), «Հազէ եւ Քէօհլեր» հրատարակչութիւն, Վայլերսվիսթ-Մեթերնիխ, Գերմանիա, 2024, 381 էջ (յօդուածներու ժողովածու, 110 սեւ-ճերմակ լուսանկարներ), գերմաներէն:
– Ղազարեան Գէորգ «Արեւելեան Ուղղափառ Հայերը», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան-Աթէնք, 2024, 241 էջ (քաղկեդոնական-յունադաւան հայազգիներու եւ անոնց եկեղեցական կազմակերպութեան պատմութիւնը, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, եկեղեցիներու, վանքերու, մատուռներու եւ մզկիթներու ցանկ, օգտագործուած աղբիւրներու մատենագիտութեան ցանկ, յունարէն տեղանուններու ցանկ): Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր մեծ մօր՝ Վարսենիկ եւ հօր՝ Սերեոժա Ղազարեաններու յիշատակին:
– Սիմոնեան Յակոբ, «Հայկական Լեռնաշխարհի հնագոյն արուեստը (Ք. ծ. ա. 12-3րդ հազարամեակի առաջին կէս)», «Վան Արեան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 252 էջ(անգլերէն ամփոփում, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, էջ 181-251՝ պատկերներ ու անոնց ցանկը): Հրատարակութիւնը երաշխաւորած են Հայաստանի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ եւ Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կենտրոնի գիտական խորհուրդները: Հրատարակուած է Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամին դրամաշնորհով:
– Քոֆլեր-Պեթշարթ Պիրկիթ, ««Սպաննած Եմ, Բայց Մարդասպան Չեմ» – Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Զոհերուն Վրէժը Եւ «Նեմեսիս» Գաղտնի Գործողութիւնը (Birgit Kofler-Bettschart, “Iche habe getötet, aber ein Mörder bin ich nicht” – Der Völkermord an den Armeniern, die Rache der Öpfer und die Geheimoperation Nemesis)», «Քարլ Ուեպերռէօյթեր» (Carl Ueberreuter) հրատարակչութիւն, Վիեննա, 20 Մարտ 2024, 208 էջ, 15,3 x 21,1 սմ., գերմաներէն: