
Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւին ատրպէյճանցի դիմակաւոր սահմանապահներ, որոնք պարզելով իրենց երկրին դրօշակը՝ այսպէս կը սպառնան. «Ներկայիս մեր դրօշակը կը ծածանի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ։ Աստուծոյ կամքով, մեր նախագահին եւ գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Իլհամ Ալիեւի հրահանգով, Ղարաբաղը պիտի կցենք մեր հայրենի Նախիջեւանին՝ գրաւելով Զանգեզուրի շրջանը»։