
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Արցախի 44օրեայ պատերազմի յաջորդած ամէնէն ուշագրաւ երեւոյթը անկասկած Ակնայի (Աղտամ) մէջ ռուս-թրքական մշտադիտարկան կեդրոնի մը ստեղծումն էր, որ պարտականութիւն ունէր հսկելու զինադադարը եւ կատարուող խախտումները։ Այս կեդրոնի ստեղծումը եւ անոր քաղաքական եւ ռազմական նշանակութիւնը լուսանցքի վրայ մնաց դիտումնաւոր կերպով։ Թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւնները, թէ՛ Արցախի ղեկավարութիւնը եւ թէ ընդդիմութիւնը կասկածելի լռութիւն պահեցին անոր շուրջ։
Պատերազմի ընթացքին, յաճախ խօսուեցաւ թրքական գործօն մասնակցութեան մասին։ Ապացոյցներ բերուեցան ծայրայեղական իսլամ զինեալներ Սուրիայէն Արցախ տեղափոխելու, ինչպէս նաեւ թրքական յատուկ ջոկատայիններու մասնակցութեան մասին, մասնաւորաբար՝ ատրպէճանական անօդաչու սարքերու գործողութիւնները կառավարելու համար։
Միամիտ պէտք է ըլլալ հաւատալու, թէ այս բոլորը կատարուեցան առանց ռուսական համամտութեան։ Ի վերջոյ «Էֆ․ 16»երու ներգրաւումը, առանց Ռուսիոյ արտօնութեան, անհնար էր։ Այս օդանաւերը ՆԱԹՕի զինանոցին մաս կը կազմեն եւ Ռուսիոյ «թշնամի» դաշինքին զինանոցի մուտքը ռուսական ազդեցութեան գօտիէն ներս անհնար էր, եթէ ռուսերը կանաչ լոյս տուած չըլլային։ Այս բոլորը պարզ ու յստակ կ՛ապացուցեն այն տեսակէտը, թէ Արցախի 44օրեայ պատերազմը ծրագրուած եւ կազմակերպուած էր ռուս-թրքական համաձայնութեամբ։ Պատերազմի աւարտէն ետք, 2021ի Յունուարի վերջաւորութեան, Ակնայի դիտակէտի ստեղծումը եւս այս շրջագիծէն ներս պէտք է դիտել։ Ի դէպ, այս կեդրոնի ստեղծման համար ռուս-թրքական համաձայնութիւն գոյացած էր պատերազմի զինադադարէն երկու օր ետք՝ Նոյեմբեր 11ին։ Պատմութեան համար պէտք է արձանագրել նաեւ, որ եթէ Նոյեմբեր 9ի տխրահռչակ յայտարարութիւնը ստորագրուեցաւ երեք կողմերու միջեւ՝ Ռուսիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան, ապա այս կեդրոնի ստեղծման համար Հայաստանի կամ Արցախցի կարծիքը հարցնող անգամ չեղաւ։ Ուշագրաւ է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ այս հարցին գծով վաւերացուած փաստաթուղթին մէկ նախադասութիւնը, որ կ՛ապացուցէ, թէ այդ կեդրոնին առաքելութիւնը հիմնականին մէջ ինչ էր։ Հոն կ՛ըսուի․ «Զինուորականներու Ատրպէյճան ուղարկումը նաեւ կ՛արտացոլացնէ Թուրքիոյ ազգային շահերը»։ Արդէն պարզ է, որ նախօրօք համաձայնութիւն գոյացած էր այդ գծով եւ ոչ թէ պատերազմի աւարտին որոշուեցաւ այդ կեդրոնի ստեղծել։ Սա այն գինն էր, որ Ռուսիա վճարեց, Թուրքիոյ անոր հետ կնքուած համաձայնութեան փոխարէն, եւ փաստացիօրէն թուրքերը 200 տարի ետք մտան հարաւային Կովկաս, իսկ ՆԱԹՕի զինուորականներ (թուրքեր), մուտք գործեցին Ատրպէյճան, հասնելով Ռուսիոյ սահման։
Ինչպէս նշեցինք, այս մասին հայ քաղաքական վերնախաւը գրեթէ լռութիւն պահեց։ Հայաստանի կառավարութիւնը, մեկնելով խաղաղասիրական իր ծրագիրներէն եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու մտահոգութեամբ, գրեթէ ոչինչ ըսաւ այս մասին։ Արցախի ղեկավարութիւնը, ռուսական քաղաքականութեան որդեգրողը հանդիսանալով, չէր կրնար իր «հովանաւորեալ»ին նեղացնել, իսկ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, տուրք տալով իր ռուսամէտ քաղաքական վարքագիծին, կատարեալ լռութիւն պահեց։
Ռուս խաղաղապահներուն Արցախէն դուրս գալէն ետք, Ապրիլ 26ին, հանդիսաւորապէս փակուեցաւ Աղտամի մէջ գործող այս տխրահռչակ կեդրոնը։ Իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին, այս կեդրոնը, որ պիտի հսկէր զինադադարի անխախտ պահպանման, ծառայեց ատրպէյճանական բանակի ցեղասպանական արարքները ծածկելու նպատակին։ Այդ ոճիրները սկսան Փառուխէն եւ Խրամորթէն, հասնելով Լաչինի անցքի փակումին եւ Արցախի 9ամսեայ պաշարում ու վերջապէս՝ 2023ի Սեպտեմբեր 19-20ի պատերազմին եւ Արցախի հայութեան տեղահանութեան-ցեղասպանութեան։
Կեդրոնի փակման ներկայ գտնուած ռուսական բանակի գերագոյն շտապի փոխհրամանատար Սերկէյ Իսթրաքով ելոյթ ունենալով, ամօթալի ինքնախոստովանութիւն կատարեց, նշելով․ «Կեդրոնի գործունէութեան ընթացքին ռուս եւ թուրք խաղաղապահները ձեւաւորած են զինադադարի պահպանման մշտադիտարկման յուսալի համակարգ: Ռուս եւ թուրք խաղաղապահները ամուր հիմքեր դրին բազմաչարչար այս հողերուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Մեր առջեւ դրուած բոլոր առաջադրանքները լուծուեցան ռուս եւ թուրք գործընկերներու կողմէ գործնական եւ բարեկամական պայմաններու եւ մթնոլորտի մէջ»:
Թէ՛ Արցախի 44օրեայ պատերազմը եւ թէ անոր շարունակութիւնը հանդիսացող դէպքերը եւ մինչեւ Արցախի դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, կու գան անգամ մը եւս հաստատելու թէ ռուս-թրքական համագործակցութեամբ եւ Ատրպէյճանի ձեռամբ պատերազմ մղուեցաւ ոչ միայն Արցախի այլեւ նաեւ Հայաստանի դէմ, իսկ պատերազմը տակաւին կը շարունակուի։ Նոյեմբեր 9ի զինադադարէն ետք, ատրպէյճանական բանակի սանձազերծած պատերազմները Հայաստանի դէմ, մաս կը կազմեն նախապէս ծրագրուած համապարփակ ծրագիրի մը՝ վերացնել Հայաստանի անկախ պետութիւնը։
Դժբախտաբար, հայ քաղաքական միտքը տակաւին ճշգրիտ գնահատական չէ տուած Արցախեան պատերազմի ամբողջ գործընթացին՝ սկսելով 1988ի շարժման օրերէն։ Միշտ ալ փորձ կատարուած է հարցը ներկայացնել Արցախ-Ատրպէյճան կամ Հայաստան-Ատրպէյճան հակադրութեան դիտանկիւնէն։ Այս դիտարկումը հայութիւնը առաջնորդեց 44օրեայ պատերազմի պարտութեան, ապա Արցախի հայաթափման եւ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան։
Հակառակ պատմականօրէն անհերքելի այս փաստերուն, հայկական կողմը տակաւին կը տառապի քաղաքական բարդոյթներէ։ Հայութիւնը պարտաւոր է քննական աչքով նայելու իր ողբերգութիւններու շարանին, ճիշդ եզրայանգումներ կատարելու, կարենալ դիմագրաւելու համար իր առջեւ ցցուած մարտահրաւէրները։