Հայկական արուեստներու կեդրոնին կազմակերպութեամբ, Մայիս 16-19ին տեղի պիտի ունենայ Զարեհի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած անհատական ցուցահանդէսը։
Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Մայիս 16ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, մինչեւ ժամը 10։
Շաբաթ օր, ցուցադրասրահը բաց պիտի ըլլայ կ․ե․ ժամը 3էն 6, իսկ Կիրակի օր ցուցադրասրահը կարելի է այցելել նախապէս ապահովուած ժամադրութեամբ։
Ցուցահանդէս տեղի պիտի ունենայ Հայկական արուեստներու կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 250 N. Orange St., Glendale, CA 91203։
Մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (747) 208-2000 թիւին։