Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 8 Մայիսին պիտի մեկնի Մոսկուա` մասնակցելու Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) նիստին։ Այս տեղեկութիւնը հաստատեց Ռուսիոյ նախագահին օգնական Եուրի Ուշաքով, որուն համաձայն` նիստէն ետք Փութին-Փաշինեան երկկողմանի հանդիպում պիտի կայանայ:
«Այդ երկկողմանի կապը շատ բովանդակալից պիտի ըլլայ, բազմաթիւ հարցեր կան քննարկելի: Վերջին շրջանին Ռուսիոյ ու Հայաստանի միջեւ կուտակուած են խնդիրներ, զորս, յոյսով ենք, թափանցիկ կերպով կը քննարկեն առաջնորդները: Փաշինեան ի՛նք Ապրիլին ըսաւ, որ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները լաւագոյն ժամանակները չեն ապրիր: Վերջին շրջանին նկատելի կերպով նուազած են մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, տարբեր մակարդակներու վրայ: Քննադատութեան կ՛ենթարկուի թէ՛ Ռուսիան, եւ թէ ՀԱՊԿն», աւելցուց ան։
ԵԱՏՄի նիստին նախորդ օրը` 7 Մայիսին, Փութինի երդմնակալութեան օրն է: Հրաւիրուած են Մոսկուայի մօտ հաւատարմագրուած բոլոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները։
Թէեւ, ըստ ռուսական կողմին, ղեկավարներու մակարդակով հրաւէրներ չկան Մոսկուայէն, Փաշինեան երեք շաբաթ առաջ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած էր, թէ մասնակցելու որոշում չունի:
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարները պիտի չմասնակցին նաեւ 9 Մոսկուայի մէջ կայանալիք 9 Մայիսի՝ Յաղթանակի օրուան շքերթին: