Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ ընթացող բախումները բուռն կշռոյթով կը շարունակուի:
Մէյսել Ժապալի մէջ, իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով սպաննուեցան 4 քաղաքայիններ, իսկ տասնեակ մը ուրիշներ վիրաւորուեցան: Զոհերուն յուղարկաւորութեան ընթացքին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայատ յայտնեց, որ «Հըզպալլա»ն իրաւունք ունի պատասխանելու լիբանանցի իւրաքանչիւր քաղաքացի հարուածած ոճիրին դէմ:
Շարունակուող բախումներուն շրջագիծին մէջ, իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին ռմբակոծեցին Նաքուրա, Այթարուն, Շեպաա, Հասպայա, Մարքապա, Ատայսէ, Քֆարքիլա, Մարքապա, Խիամ, Թիպէ, Այթա Շաապ, Ժապալ Պլաթ եւ Սըրպին գիւղաքաղաքները` պատճառելով վիրաւորներ:
«Հըզպալլա», իր կարգին, յայտարարեց, որ կատարած է շարք մը զինուորական գործողութիւններ, որոնց ընդմէջէն ռմբակոծած է իսրայէլեան զինուորական դիրքեր, խարիսխներ ու կեդրոններ:
«Հըզպալլա»ի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծած է Կոլանի բարձունքին վրայ գտնուող իսրայէլեան թիւ 210 փաղանգի զօրանոցը, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Մթըլլէի մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումի մը վրայ եւ սպաննած է իսրայէլացի սպաներ: