
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԱՆԿԱՆԻՄՔ ԱՌԱՋԻ ՔՈ

Ինչո՞ւ ծունկի կու գայ հայը: Որո՞ւն առջեւ ծունկի կ՛իջնէ այս բարեպաշտ ազգը: Այս հարցումները անդադար կ՛ոլորուին մտքիս մէջ, երբ ամէն օր, մերթ զարհուրելով, մերթ հիացումով կը կարդամ հայու եւ Հայաստանի վերաբերող լուրեր: Որպէսզի ե՛ս խաղաղիմ, որոշեցի հայոց մայրենիի գրական էջերուն առջեւ ծունկի գալ եւ որոնել ճշմարտութիւնը, թէ առաջին եւ վերջին անգամ հայը ե՛րբ ծունկի եկեր է, ո՛վ էր այդ սիրելին որուն հետ ծունկ ծունկի զրուցեր ենք, ո՛ր օրիորդիկը ծունկ ծունկի վրայ դրած՝ պատուհանին առջեւ ծամոց ծամելով եկող-գացողը դիտեր է, ո՛ր բանաստեղծի յոգնած ծունկերը թուլացեր են, կամ՝ ո՛ր ալեւոր հայրը ծնկաչոք աղօթեր է իր ազգին համար, աշխարհին համար: Այժմ, յարգելի ընթերցող, կ՛առաջարկեմ ականջ տալ, կամ՝ խոնարհիլ «ծունկ» բառի յոգնաջան պատմութեան առջեւ:
ԳՐԻԳՈՐԸ ԾՈՒՆԿԻ ԵԿԱՒ
Առաջին անգամ ո՞վ ծունկի եկաւ եւ հայուն օրինակ եղաւ որ ազգն ալ ծունկի գայ… Պատասխանը գտայ «Հայաստանի Աշխատաւորուհի» թերթի Մայիս 1992ի թիւին մէջ: Յօդուած մըն էր ան, խորագիրը՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցու Պատմութիւնից», որ մեզի բացատրեց. «Ճանապարհին նրան դէմ յանդիման դուրս եկաւ Տրդատը մերկ ու խայտառակ վիճակում, խոզային բնութեամբ դիւոտած: Եւ Գրիգորը, կառքից իջնելով ծնկի եկաւ ու աղօթեց»: Այնուհետեւ հայը, ի նշան յարգանքի, խոնարհութեան եւ երկիւղի, սկսաւ ծունկ գալ: Դար մը յետոյ, թարգմանեցինք Գիրքը եւ կարդացինք «ծունկ» բառի հայկական առաջին գրական երեք արտայայտութիւնները. «Ծունկք իմ տկարացան», «Ամենայն ծունր կրկնեսցի» եւ «Խոնարհեցուցեալ զծունկս՝ երկիր պագին տեառն եւ արքայի»:
ՄԵՂԱՒՈՐԻ ԾՈՒՆԿԸ
Միջնադարուն, «ծունկ» բառը գրեթէ միշտ յիշուեցաւ մեղքի, յանցանքի եւ արտասուքի հետ: Կ՛երեւի այնքան մեղաւոր էր հայը, որ պէտք էր մշտնջենապէս մնար ծունկի վրայ ու պաղատէր: Յաջորդ անգամ, յարգելի ընթերցող, երբ ճամբորդէք Հայաստան, գացէք Գեղարդ եւ հոն, բարձրադիր ժայռերու քարայրի մէջ երաժիշտ րաբունապետ Մխիթար Այրիվանեցիի ճգնարանը, ուր վանական հայրը մեկուսացուած՝ յօրիներ է «Սիրտ Իմ Սասանի» հոգեւոր երգը եւ ծնկաչոք ըսեր է. «Տէրն ամէնի, նմա առաջի ի ծունկս անկանի»: Հայ վանական գրականութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք նման արտայայտութիւններու: Կը յիշէ՞ք, 10րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին իր «Մատեան»ին մէջ գրած էր ծունկ բառի վերաբերեալ պատկերաւոր քանի մը խօսք «Ծունր գոհութեան», «Ծունր երկրպագութեան», «Ծունր պաղատանաց», «Ծունր բարերարիդ քաղցրութեան»: Մէկ այլ վանական, իր գրած յիշատակարանի մէջ լալով ըսաւ. «Լալագին դիմօք ի ծունկս անկեալ»: Կոնստանդին Երզնկացին, որ բոլորիս յայտնի է իր սիրային քաղցր տաղերով, ծերութեան օրերուն յոգնած, իր խօսքով՝ «դառնացած», տրտունջ յայտնեց. «Արդ ես տկար հիւանդ հոգով դառնացեալ մեղաց լեղով՝ ծունկս անկեալ արտասուելով»: Մէկ այլ վաստակաշատ վարդապետ էր Խրիմեան Հայրիկը, որ «Հրաւիրակ Երկրին Աւետեաց» երկին մէջ նկարագրեց իր ծունկերը. «Ծունկս խոնարհեալ»: Իսկ Հայր Օհանը, Աղաւնու վանքի սուրբ, արդար, ալեւոր հայրը ի՞նչ ըրաւ, երբ Թիմուրի հալածանքներու օրերուն՝ հազար-հազար հայեր իր աղօթքով աղաւնի դարձած դուրս ելան վանքի բաց պատուհաններէն: Յովհաննէս Թումանեանը նկարագրեց այդ յուզիչ պահը. «Ու հիմի վանքում էլ չկայ ոչ ոք, / Ինքն է աղօթում մենակ, ծնկաչոք»:
ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ԾՈՒՆԿԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
«Ծունկ» բառը, ինչպէս մեր մարմնի ծունկը, ծառայասէր է եւ այդ պաշտօնը կը կատարէ լռելեայն: Դարերու ընթացքին բառս համեստօրէն եղեր է պատկերաւոր արտայայտութիւններու եւ դարձուածքներու ծնրադիր ծառան: Ահա քանի մը օրինակ. հայը իր սիրածի եւ սրտակիցի հետ կը նստի «ծունկ ծունկի», պարտաճանաչ կ՛ըլլայ «ծունկ խոնարհած», կը խնդրէ, կ՛աղօթէ, կը զղջայ եւ կը խոստովանի «ծնրադրած», ուժասպառ կ՛ըլլայ «ծունկերը թուլացած», կրտսերին կը նստեցնէ իր «ծունկի մօտ», կը հեծեծէ եւ վիշտով կու լայ «ծունկերը ծալուած», յաղթանակի ժամանակ իր թշնամիին «ծունկի կը բերէ», իսկ հայուհին ծնունդ կու տայ եւ հաց կը թխէ «ծունկերը գետին զարկած»: Այս խօսքերը, յարգելի ընթերցող ձեզ կը վստահեցնեմ, թէ իրենց արժանի տեղերը գտած են հայկական ընտիր գրականութեան մէջ: Այժմ նստինք մեր գրականութեան ծունկին տակ եւ վայելենք անոր հեքիաթները:
ՓԱՌԱՆՁԵՄԸ ԾՈՒՆԿԵՐԸ ԾԵԾԵՑ
Ո՞վ կրնար մտածել, թէ «ծունկ» բառը օր մը պիտի դառնար՝ քնարական, չէ՞ որ ան յաճախ ցաւերու ալ աղբիւր է: Սակայն, 19րդ դարու մեր գրիչներու երեւակայութեան շնորհիւ՝ բառս հայկական ընտիր գրականութեան անդամներէն մէկը դարձաւ: Առաջին շնորհը կատարեց Աւետիք Իսահակեանը: Աբու Լալա Մահարի քերթուածի մէջ ուղտերու քարաւանն էր ծունկի եկած. «Քարաւանը Աբու-Լալայի Արաբստանի մեծ անապատի դարպասների մօտ ծունկ իջաւ յոգնած»: Այդ օրերուն, վիպագիր Մուրացանը մեզի նկարագրեց մօր առջեւ ծունկի գալու յուզիչ պատկեր մը. «Օ՜հ, մայր իմ, մայր իմ, ներիր ինձ, ես յանցաւոր եմ քո առաջ, -աղաչաւոր ձայնով մօտեցաւ դէպի նրան Ամալիան եւ ծունկ չոքեց մօր առաջ»: Գարեգին Սրուանձտեանցը նկարագրեց, թէ հայ ուխտաւորը ինչպէ՛ս «թուխ մանուկ» մը կ՛այցելէ. «Կ՛երթան բարեպաշտ կանայք եւ ցաւագար կամ ախտաւոր անձինք՝ ձէթ եւ մոմ վառելու‚ խունկ ծխելու՝ ծունկ դնելով»: «Թուխ մանուկ» սրբատեղիի մէջ ի՞նչ կ՛ընեն ուխտաւորները: Թումանեանը տեսաւ եւ գրեց. «Ու ծունկ են չոքում, օրհներգ են երգում»: Բանաստեղծը նաեւ նկատեց, թէ գետերն ալ ծունկի ծալքեր ունին. «Հաստ փչակաւոր ուռենու մօտ՝ առուն ծունկ էր տալիս»: Սա բանաստեղծ, արձակագիր Խաչիկ Հրաչեանի խօսքն է: Հայը ունի մէկ այլ սովորութիւն. «ծունկ ծեծել»: Թէեւ շատ մայրեր այդ արարողութիւնը կատարած կ՛ըլլան, յաճախ անհնազանդ զաւակի պատճառով, սակայն բոլորը գրական էջերու մէջ չեն յայտնուիր, լոկ լսելի կ՛ըլլան դրացիներու կողմէ: Բայց Փառանձեմի ծունկերը յաւերժ լսելի մնացին այն օրը, երբ Դերենիկ Դեմիրճեանը գրեց՝ «Փառանձեմը ծնկները ծեծեց յուսահատ»։ Վանի մէջ ծնած, տեղի ծխական, Վարագայ ժառանգաւորաց եւ Հայկազեան կեդրոնական վարժարաններուն մէջ ուսում առած Մկրտիչ Խերանեանն ալ պատմեց Ծովինարի պատմութիւնը. «Զարկեց Ծովինարն իր ծունկը գետին ու ծնեց երկու տղայ ոսկեծամ»։ Դուք, յարգելի ընթերցող, Ազգային գրադարանի պահեստներու մէջ «ծունկ» բառով անուանուած գի՞րք կը փնտռէք: Խնայեցէք ձեր ժամանակը, քանզի հայկական գրատպութեան պատմութեան մէջ միայն մէկ հատոր լոյս տեսեր է, որուն խորագիրի մէջ կայ «ծունկ» բառը: 2022ին Հայաստանի «Ֆրիտեոֆ Նանսեն» հիմնարկի կողմէ հրատարակուած «Ես Նստել Եմ Ստալինի Ծնկներին» վէպն է ան:
ԱՂՋԻԿՍ, ԱՆԱՆԿ ՄԻ՛ ՆՍՏԻՐ
Հայոց լեզուի ամէնէն պատկերաւոր դարձուածքներէն մէկն է՝ «ծունկ-ծունկի»: Գիտէք, երբ երկու սրտամօտիկ ընկերուհի, տղայ-աղջիկ, մայր ու դուստր, լռութեան մէջ, փսփսալով, մեկուսացած կը զրուցեն… Նշանաւոր դերասան, գրող եւ արձակագիր Վահրամ Փափազեանը գիտէր այդ կարճատեւ պահուն արժէքը. «…Յանկարծ ծունկ ծունկի նստել հանդիսատեսի հետ ու մի րոպէ զրոյց անել աշխարհի չար ու բարուց»: Յակոբ Պարոնեանի համար, ծունկ-ծունկի ըլլալը շատ ալ բարոյական արարք մը չէր, յատկապէս երիտասարդուհիի մը համար: Սակայն Պարոնեանը բացառեց Պոլսոյ Գում Գաբու թաղի աղջիկները. «Ո՜րչափ երիտասարդներ կան, որ ասանկ աղջիկներ կը փնտռեն։ Աշխատասէր են. առաւօտէ մինչեւ երեկոյ կա՛մ կար կը կարեն, կամ լաթ կը լուան եւ կամ տախտակ կը սրբեն. տեսակ մը աղջիկներու կամ կիներու պէս ծունկ ծունկի վրայ դրած պատուհանին առջեւ չեն նստիր շաբաթներով»։
ԵՐԵՒԱՆԻ ԾՈՒՆԿԵՐԸ
Երբ օդանաւը վայրէջք կատարէ Հայաստան, այդպէս չէ՞, ձեր ծունկերը կը ծալուին: Կարելի՞ է բացատրել, թէ ինչո՛ւ… Ոչ: Ոչ ալ իմաստուն Համօ Սահեանը կրցաւ մեկնաբանել այդ վիճակը. «Հայաստան ասելիս ծնկներս ծալւում են, / Չգիտեմ ինչու է այդպէս»: Այս խօսքը այնքան ժողովրդական է հայրենիքի մէջ, որ անոր տարբերակները կը լսուին Աբովեանէն վեր, Նալբանդեանէն վար. «iPhone ասելիս ծնկներս ծալւում են», «Մանդատ ասելիս ծնկներս ծալւում են», «Տրանսպորտ ասելիս ծնկներս դողում են»: Իսկ եթէ դուք մայրաքաղաքի մէջ յանկարծ անշարժ, ճոճուող մարդ տեսնէք, մի զարհուրիք, Պարոյր Սեւակն է ան. «Հիմա / Մինչեւ ծունկս խրուած ինքս իմ մէջ` / Ինչպէս ծառը հողում, / Ես ճոճւում եմ տեղում»: Իսկ երկրիս վարչապետը վերջերս հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն խոստում մը տուաւ. «Ինչքան էլ ծնկներս ծալուեն՝ ժողովրդի՝ իմ ուսերին դրած պատասխանատուութիւնը չեմ թողնի»:
ՊԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԾՈՒՆԿ ԶԱՐՆԵՆՔ
Յարգելի ընթերցող, եկաւ «էդինը» (ատենը, ժամանակը), որ աւարտենք «ծունկ» բառի զրոյցը: Հարսանեկան երգ-պարով մը կը փափաքիմ ձեզի հրաժեշտ տալ. «Թամզարա»ն է ան, զոր աշակերտներս այս օրերուն կը սորվին «Վերջին Զանգ» հանդէսին համար: Իսկ այդ սիրուն, պարզունակ պարի խօսքերու մէջ, ուր ծունկերը համաչափ կը շարժին, «ծունկ» բառն ալ կը յայտնուի բոլորիս ծանօթ դարձուածքով մը: Բարի վայելում բոլորիդ.
Այ էդինը, էդինը,
ծունկս զարնեմ գեդինը,
Քեզի չառնող աղջիկը
սաղ-սաղ մտնի գեդինը:
Թամզարա հայ թամզարա,
Հայ թամզարա, թամզարա: