Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր Կիրանցի մէջ կատարուող սահմանազատումը տեղի չունեցաւ 8 Մայիսին․ անիկա օր մը առաջ ժամանակաւորապէս կանգ առաւ, եւ շրջանէն հեռացան նաեւ մեծաթիւ ոստիկանները, որոնցմէ միայն քանի մը հատը տեսանելի են Կիրանցի մէջ։ Այս մասին յայտնեց Կիրանցի վարչական ղեկավար Կամօ Շահինեան։
Փոխվարչապետ, սահմանազատման յանձնաժողովի ղեկավար Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն տակաւին չճշդեցին, թէ ե՛րբ պիտի վերսկսին աշխատանքները:
7 Մայիսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ այդ աշխատանքները 90 տոկոսով աւարտած են եւ նշեց, թէ հասած են «զգայուն կէտերին, որտեղ գիւղ տանող կամուրջն է, դպրոցն ու մասնաւոր տները»:
«Այս կէտերում մի քիչ շատ կը չարչարուենք», ըսաւ Փաշինեան՝ շարունակելով. «Այստեղ սանտիմետրերը նշանակութիւն ունեն, եւ պէտք է դրանք ճշգրիտ արտայայտեն»: