
ՄԻՍԱՔ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 9 Ապրիլ, 1937ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով, Ռիթա Պարսամեան, զաւակները եւ թոռները կը գուժեն իրենց սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր եւ մեծ հօր՝ տոքթ. Միսաք Պարսամեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2024ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Տան կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 17 Մայիս 2024ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 1614 N. Alexandria, Los Angeles, CA 90027:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Շաբաթ, 18 Մայիս, 2024ին, ընտանեկան պարագաներով միայն։
Հանգուցեալի փափաքին համաձայն, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել` Armenian Relief Society-ին, Mother and Child Akhuryan Birthing Center, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202, (818) 500-1343, arswestusa.org կամ AGBU Hye Geen, 9 Pregnant Women Centers Fund-ին, Vatche and Tamar Manoukian Center, 2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104, (626) 794-7942:
Հոգեճաշի փոխարէն հանգուցեալի ընտանեկան պարագաները իրենց նուիրատուութիւնները պիտի կատարեն վերոյիշեալ միութիւններուն։