Հոկտեմբեր 10ին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը 27 թեր եւ 21 դէմ քուէներով վաւերացուց Քոնկրէսի տրամադրութիւն արտայայտող այն բանաձեւը, որ կը ճանչնար Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ նախագահէն կը պահանջէր իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան դէմ 1915-23 տարիներուն գործադրուած զանգուածային ջարդերը:
Երկար ամիսներէ ի վեր Ներկայացուցիչներու տան մէջ օրակարգի սպասող այս բանաձեւը կարելի եղաւ այս հագրուանին հասցնել՝ շնորհիւ ամբողջ ամերիկահայութեան ու զայն ներկայացնող բոլոր կազմակերպութիւններու ճիգերուն: Այս աշխատանքին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը՝ Ուաշինկթընի մէջ թէ այլուր իր քաղաքական շփումներով, քոնկրէսականներու հետ սերտ գործակցութեամբ, մամլոյ հաղորդագրութիւններով ժողովուրդը իրազեկելով, բայց մանաւանդ զայն աշխատանքի լծելով:
Իւրաքանչիւր ամերիկահայ, որ հեռաձայն մը ըրաւ, հեռապատճէնով կամ համացանցի միջոցով նամակ մը յղեց իր քոնկրէսականին, կամ նոյնը ընելու մղեց ազգական մը, հարազատ մը կամ բարեկամ մը, իր նպաստը ունեցաւ յանձնաժողովին մէջ բանաձեւի որդեգրումին համար:
Ասոր համար շնորհաւորելի է ամերիկահայութիւնը:
Ամերիկահայութեան ցուցաբերած այս քաղաքական արթնամտութիւնը ցոյց կու տայ, որ ան լաւապէս գիտակից է հայութեան քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններուն: Ամերիկահայութիւնը լաւ ծանօթ է այն իրողութեան, որ միահամուռ եւ համախումբ ճիգերը կրնան դրական արդիւնք տալ: Փաստը այն է, որ բանաձեւը վաւերացուեցաւ՝ հակառակ անձնապէս նախագահ Ճորճ Պուշի աննախընթաց ընդդիմութեան, հակառակ պետական եւ պաշտպանութեան բաժանմունքներու ընդդիմութեան, հակառակ թրքական լոպպիինկի խումբերու աշխատանքին:
Հիմա, երբ աշխատանքի առաջին հանգրուանը յաջողութեամբ անցած ենք, կը մնայ երկրորդ եւ աւելի կարեւոր հանգամանքը՝ բանաձեւը տեսնել Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին՝ առ ի քուէարկութիւն:
Հոս արդէն խաղին օրէնքները փոխուած են: Հայութեան արդար կեցուածքը իր դէմ գտած է տարօրինակ դաշնակիցներու ամբողջ բանակ մը: Սկսելով Սպիտակ տունէն եւ անձնապէս նախագահէն, պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայսէն, պաշտպանութեան քարտուղար Ռապըրթ Կէյթսէն, ինչպէս նաեւ նախկին քոնկրէսականներ եւ այժմ լոպպիիստական ընկերութիւններու տէրեր Ռիչըրտ Կեփհարթէն եւ Պապ Լիվինկսթընէն, անցնելով պաշտպանութեան եւ քարիւղի ճարտարարուեստի հսկաներէն եւ քաղաքական-հետազօտական բազմաթիւ հաստատութիւններէն եւ գլխաւորութեամբ Ուաշինկթընի մէջ թրքական դեսպանատան, լծուած են բանաձեւը ձախողութեան մատնելու աշխատանքին:
Ճարպիկօրէն, անոնք ոչ թէ բացայայտօրէն «կ’ուրանան» Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ կ’ըսեն, թէ «հիմա ժամանակը չէ»: Տարբեր խօսքով, թաղի մը մէջ ոճիր գործուած է, սակայն ոստիկանութիւնը իրաւունք պէտք չէ ունենայ հարցը հետապնդելու, որովհետեւ ոստիկանական ինքնաշարժներու ճչակները կրնան խանգարել թաղեցիներուն հանգիստը…:
Նշեալ կողմերը այս պատրուակներով կը փորձեն տարհամոզել բանաձեւին իրենց զօրակցութիւնը յայտնած եւ կամ այս առումով վարանումի ու տատամսումի մէջ գտնուող քոնկրէսականները, միաժամանակ պնդելով, որ Թուրքիան, «մեր դաշնակիցը», կրնայ խիստ հակազդեցութեան դիմել Մ. Նահանգներու դէմ:
Նոյն այս պնդումները առաջ քաշող նախագահը սակայն, չվարանեցաւ Թիպեթի կրօնապետ Տալայ Լաման Քոնկրէսին մէջ ընդունելու եւ զայն քաղաքացիական բարձրագոյն շքանշանով պատուելու՝ հակառակ հսկայական Չինաստանի բուռն ընդդիմութեան:
Սխալ չհասկցուինք, Տալայ Լաման, իր խաղաղասիրութեամբ եւ արդարամտութեամբ, արժանի է ամէն յարգանքի: Սակայն կարելի չէ տեղ մը բարոյական սկզբունքներ առաջ քաշելով մէկը պատուել, իսկ ուրիշ տեղ մը ոտնակոխել նոյն այդ բարոյական սկզբունքները՝ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի մը ճանաչումը մերժելու համար:
Սպիտակ տունը, գործադիր իշխանութիւնները եւ իրենց զինակից լոպիիստները, ներառեալ ամերիկեան մամուլի շարք մը ներկայացուցիչներ, իրենք զիրենք դրած են բացայայտօրէն հակասական կեցուածքի մէջ:
Այս կեցուածքը կը նսեմացնէ ամերիկեան համաշխարհային դերակատարութեան լրջութիւնը եւ մանաւանդ հաւաստիութիւնը: Կը խոչընդոտէ եւ կը նսեմացնէ այն յարգանքը, որ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է վայելէ:
Այս բոլորին լոյսին տակ, Հայ Դատի Յանձնախումբերը, Ամերիկայի ամբողջ տարածքին, պիտի շարունակեն իրենց քաղաքական շփումները Քոնկրէսի թէ ամերիկեան մամուլի շրջանակներէն ներս: Այս աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են իրենց առաջին արդիւնքները տալ: Երկու օր առաջ բանաձեւի համահեղինակ, անոր ջերմօրէն զօրակցող քոնկրէսականներու յայտարարութիւնը, «Թայմ»ի մէջ Սամանթա Փաուըրի ստորագրած յօդուածը (տեսնել մեր այսօրուան համարի անգլերէն բաժինին մէջ), ինչպէս նաեւ ամերիկեան մամուլին մէջ լոյս տեսած հարիւրաւոր յօդուածները ցոյց կու տան, որ հարցը միայն նեղ առումով հայութեան խնդիրը չէ: Հարցը համաամերիկեան տարողութիւն ստացած է եւ ասիկա շատ կարեւոր երեւոյթ մըն է: Մենք հոս հասանք շնորհիւ մեր միասնական աշխատանքին: Մենք պիտի շարունակենք մեր ճիգերը, հակառակ անոր, որ գիտենք մեր հակառակորդներու եւ ընդդիմադիրներու բանեցուցած ճնշումներու տարողութիւնը:
Ամերիկահայութիւնը միասնական ճիգերով պէտք է յաղթահարէ նաեւ այս դժուարին հանգրուանը: