10 Մայիսին, խումբ մը ցուցարարներ Կիրանցի մօտ շուրջ երկու ժամ փակ պահեցին դէպի Ոսկեպար տանող մայրուղին, միայն մէկ պահանջով` սահմանային սիւները գիւղի բնակելի տարածք չհասցնել:
Ոստիկանութենէն յորդորեցին` ողջամիտ ժամկէտի ընթացքին բանալ ճամբան եւ զգուշացուցին, որ հակառակ պարագային մասնակիցները բերման պիտի ենթարկուի: