Ատրպէյճանական լրատու գործակալութիւնները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկարաձգեցին գերի պահուող Արցախի նախկին ղեկավարներուն՝ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, պաշտպանութեան նախկին նախարար Լեւոն Մնացականեանի եւ զօրավար Դաւիթ Մանուկեանի կալանքի ժամկէտը՝ 5 ամիսով։
Նշենք, որ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին անունը չէ յիշուած։