16 Մայիսի երեկոյեան, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ ամփոփելով օրուան անցուդարձերը, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ հանդիպումներ ունեցած է կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու, ինչպէս՝ «Հայրենիք» կուսակցութեան, Շանթ Յարութիւնեանի, Պարոյր Հայրիկեանի հետ, նաեւ բժիշկներու եւ տարբեր մասնագիտութիւն ունեցող անձերու հետ:
Ան նշեց, որ 17 Մայիսին երիտասարդութեան հետ հանդիպում պիտի կայանայ Երեւանի Պետական համալսարանին դիմաց, որմէ ետք՝ բժշկական համայնքին հետ, իսկ աւելի ուշ 100է աւելի դասախօսներու հետ պիտի տեսակցի «Նեմեսիս» յուշարձանին մօտ:
Նշենք, որ համալսարանին աւելի քան 50 դասախօսներ յայտարարութեամբ մը հաստատեցին, որ կը զօրակցին Բագրատ սրբազանին առաջնորդած շարժման՝ պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը վարչապետի պաշտօնէն:
«Շաբաթ առաւօտեան, յայտարարութիւն կը տարածենք, եւ ժամը 11ին բոլորին կը հրաւիրենք հանդիպման: Այս հանդիպումները շատ կարեւոր են թէ հասարակական շերտերի իմաստով, թէ համախոհութիւն գոյացնելու իմաստով, քայլերի յաջորդականութիւնը ներկայացնելու իմաստով, եւ այս մէկ շաբաթը ոլորած՝ կ՛ունենանք շատ մեծ հաւաք, ես կը յայտարարեմ յստակ ճանապարհային քարտէզը: Հանրահաւաքից յետոյ կը սկսուի թէժ պայքարը, որը մեզ տանելու է մեր ցանկացած հանգրուանին», ըսաւ սրբազանը:


Ան կրկին անդրադարձաւ շարժման նպատակներուն եւ վճռականութեան, նշելով. «Այս շարժման նպատակը մեր երկրի վերականգնումն է, մեր երկրի ապաքինումը, զարգացումը: Գնալու ենք այս մարդկանց հեռացմանը, ուրիշ ձեւ չունենք մենք, ուրիշ կերպ չկայ, այլընտրանք չեն թողել ուղղակի: Հայրենիքի, պետութեան հսկայական հատուածի զիջումը ներկայացնում են որպէս յաղթանակ: Մեր հայրենիքի, մեր պետութեան, մեր ժողովրդի շահից բացի, այլ բացարձակ արժէք գոյութիւն չունի»։
Մինչ այդ, Բագրատ սրբազանին կոչով, քաղաքացիները նոյն օրը առաւօտեան համախմբուեցան կառավարութեան շէնքին դիմաց, ուր նախատեսուած էր կառավարութեան հերթական նիստը: Շէնքի յարակից տարածքին մէջ բազմաթիւ ոստիկաններ կային: Քաղաքացիներէն ոմանց ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, տաւուշցի Գառնիկ Դանիէլեան ըսաւ, որ այս իշխանութիւնը գործած է ու կը շարունակէ գործել Հայաստանի պետական շահերուն դէմ: Ան որոշ տեղեկութիւններ ներկայացուց օր մը առաջ ստորագրուած արձանագրութեան ու ատրպէյճանական կողմին հետ ձեռք բերած համաձայնութիւններուն մասին: «Այդ արձանագրութեամբ Ադրբեջանին են յանձնուել Բաղանիսի, Ոսկեպարի, Կիրանցի, Բերքաբերի կենսական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, կոմունիկացիաներ (հաղորդակցութեան ուղիներ): Կիրանցից յանձնուել են տներ, որոնց տէրերը սեփականութեան վկայական ունեն», ըսաւ ան՝ հաստատելով, որ եղածը ապօրինի է:
Օրուան ընթացքին, Բագրատ սրբազան եւս խօսեցաւ հայ-ատրպէյճանական վերջին արձանագրութեան մասին՝ ըսելով. «Երէկ գիշերը մթութեան քօղի տակ տեղի է ունեցել այս տխրահռչակ սահմանագծման ու սահմանազատման յանձնաժողովի հերթական նիստը, որի արդիւնքում արձանագրում ենք, որ այս իշխանութիւնը չի շեղուել իր յանցաւոր ճանապարհից: Սա տեղի է ունենում ի հաշիւ մեր պետութեան, մեր ժողովրդի, մեր կեանքի, մեր քաղաքացու ու ընդհանրապէս մեր գոյութեան: Իշխանութիւնների վրայ որեւէ ազդեցութիւն չունեցան այն լայն իրաւական, օրէնսդրական հիմնաւորումները, որ տրուել են մասնագէտների կողմից: Սա փաստում է, որ իշխանութիւնները գործում են իրաւունքի, օրէնքի, սահմանադրութեան, բարոյականութեան ու տրամաբանութեան բոլոր չափանիշներին հակառակ: Այս իմաստով անհրաժեշտութիւն է դարձել ոչ թէ գնալ հետեւանքների հետեւից, այլ վերացնել պատճառները»:
Սրբազանը նշեց, որ պատճառը մէկ է եւ Երեւանի մէջ կը գտնուի. «Հրամայական է դարձել ժամ առաջ բոլորիս ջանքերով համբերութեամբ ու վստահութեամբ հեռացնելու այս իշխանութեանը՝ իր ապօրինութիւններով հանդերձ ու նոր կեանք հաստատելու մեր երկրում», ըսաւ ան:
Երեկոյեան նաեւ յայտարարուեցաւ, որ պատգամաւոր Դանիէլեան եւ շարժումի մասնակիցներէն խումբ մը պիտի երթան Կիրանց` տեղւոյն վրայ զօրակցութիւն յայտնելու բնակիչներուն եւ սերտելու կացութիւնը: Մինչ այդ արդէն անցարգելներ հաստատուեցան դէպի գիւղ տանող ճամբուն վրայ: