Գանատայի Հայոց թեմի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց՝ անդրադառնալով թեմի նախկին առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի շուրջ տարածուող տեղեկութիւններուն, եւ շեշտեց, որ, թեմի կանոնադրութեան համաձայն, վարչական եւ ելեւմտական հարցերուն մասին որոշումները կու տայ Թեմական խորհուրդը եւ ոչ թէ առաջնորդը, «ուստի վերագրել առաջնորդին զանցանքներ, որոնց իրաւասութիւնը նա չի ունեցել կանոնադրութեան համաձայն, յերիւրանք է եւ զրպարտութիւն»:
«Անարդար է յետադարձ կատարել այդ օրերի յատուկ հարցերին եւ երեւոյթներին՝ առանց մանրամասնելու բոլոր տուեալները: Վստահաբար կարող ենք շեշտել, թէ Բագրատ սրբազանը տքնաջան աշխատել է լաւագոյն լուծումների յանգելու համար: Յատուկ օրինակների շարքին, տեղին չէ մատնանշումներ կատարել «իր վարած ինքնաշարժի արժէքին», քանի որ ինքնաշարժը պատկանում է թեմին եւ ոչ թէ անձնապէս առաջնորդին, որի արժէքը որոշւում եւ հաստատւում է թեմական օրինաչափութիւններով եւ կարգաւորումներով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Առաջնորդարանը նաեւ անդրադարձ կատարեց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման՝ նշելով, որ համայն հայ ժողովուրդին նման, Գանատայի հայ համայնքը եւս խոր մտահոգութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
«Մեզ ուղղուած բազմաթիւ հարցերին արդարօրէն պատասխանած լինելու համար, հաստատում ենք հետեւեալը՝ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը 2003-2013 տարիներին պաշտօնավարել է որպէս թեմի երրորդ առաջնորդ: Կանադահայոց թեմը անցել է կազմաւորման յաջորդական բազում դժուար հանգրուաններով, որոնցից է նաեւ անկասկած Բագրատ սրբազանի պաշտօնավարութեան շրջանը: Հեշտ է ազատօրէն կատարել լուրջ զրպարտութիւններ ու քննադատութիւններ թեմը գլխաւորած առաջնորդի հասցէին՝ առանց ունենալու արծարծուող խնդիրների բոլոր մանրամասնութիւնները: Իրականում, Բագրատ սրբազանն իր 10 տարիների պաշտօնավարութեան շրջանում, բացի թեմական ընթացիկ աշխատանքներից, տքնաջան գործունէութիւն է տարել յաջողութեան հասցնելու յատկապէս եկեղեցաշինական աշխատանքները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: