
Ֆրանսայի ներքին գործոց եւ անդրծովեան տարածքներու նախարար Ժերալտ Տարմանին Ատրպէյճանը մեղադրեց Նոր Գալետոնիոյ ներքին գործերուն միջամտելու եւ կղզիին մէջ խռովութիւններու հետ կապ ունենալու յանցանքներով: Նշենք, որ Նոր Գալետոնիա կը հանդիսանայ ֆրանսական տարածք մը, որ կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ։
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Ատրպէյճան, Ռուսիա կամ Չինաստան կապ ունի՞ն Նոր Գալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցող խռովութիւններուն հետ, նախարարը ըսաւ, որ «Ատրպէյճանի պարագային, ատիկա երեւակայութիւն չէ, այլ իրականութիւն», ինչպէս նաեւ ափսոսանք յայտնեց է, որ Նոր Գալետոնիոյ անկախութեան որոշ կողմնակիցներ Ատրպէյճանի հետ սերտ կապեր ունին:
Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս Նոր Գալետոնիոյ եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի մը ստորագրուեցաւ, ինչ որ, ըստ Փարիզի՝ Պաքուի կողմէ «չափազանց վնասակար միջամտութիւն» մը էր։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարին խորհուրդ տուաւ՝ «Նոր Գալետոնիոյ մէջ անկախութեան ցոյցերուն աջակցելու համար Ատրպէյճանը մեղադրելու փոխարէն, կեդրոնանալ օտար շրջաններու մէջ իր երկրի ձախողած քաղաքականութեան վրայ»:

Ֆրանսայի կառավարութիւնը Նոր Գալետոնիոյ մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց, զօրքեր ղրկեց եւ արգիլեց «ԹիքԹոք» ընկերային ցանցը, որ լայնօրէն կ՛օգտագործուի անկարգութիւնները հրահրողներու կողմէ: Արգելքը հիմնաւորուած է նաեւ օտարերկրեայ երկիրներու կողմէ ապատեղեկատուութեան տարածման մտավախութիւններով: Այս առնչութեամբ Ֆրանսայի ապահովութեան ծառայութիւնները կը նշեն յատկապէս Ատրպէյճանը, որուն հետ Փարիզ քանի մը ամիսէ լարուած յարաբերութիւններ ունի:
Անկարգութիւնները սկսած էին Երեքշաբթի օր, առնուազն հինգ զոհ խլելով։
Նոր Գալետոնիոյ մէջ խռովարարները կը բողոքեն Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ քննարկուող օրինագիծի մը դէմ, որ կ՛առաջարկէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցելու համար քուէարկելու իրաւունք տալ Նոր Գալետոնիոյ մէջ աւելի քան տասը տարի բնակող անձերու: Կղզիին բնիկները՝ քանաքները, կ՛ընդդիմանան օրինագիծին: