Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած, Արցախի նախկին պետական նախարար, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը Վարդանեանի եւ միւս 22 հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցով դիմեց միջազգային հանրութեան:
17 Մայիսին տարածուած յայտարարութեան մէջ, Վարդանեանի ընտանիքը նշեց, որ ութ ամիս շարունակ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արհամարհեցին միջազգային իրաւունքը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը` Ռուբէն Վարդանեանը պահելով անազատութեան մէջ` առանց դատավարութեան եւ պատշաճ գործընթացի: Ըստ ընտանիքին` Պաքու նաեւ չի տեղեկացներ, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենան պատշաճ դատավարութիւն կամ լսումներ։ Վարդանեանի կալանքը յաւելեալ հինգ ամիսով երկարաձգելու 16 Մայիսին հրապարակուած որոշումը, ըստ յայտարարութեան, տեղի ունեցած է առանց պատշաճ իրաւական ընթացակարգի, եւ կը հանդիսանայ մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւս մէկ կոպտագոյն խախտում:
«Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանը` կառավարութիւնների, բիզնեսի (գործարարութեան) ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներին, պահանջել Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս 22 հայ բանտարկեալների անվերապահ ազատ արձակումը, եթէ Ադրբեջանը ցանկանում է պահպանել COP 29-ը հիւրընկալելու արտօնութիւնը, որն Ադրբեջանը հռչակել է որպէս «խաղաղութեան COP», նշուեցաւ ընտանիքին յայտարարութեան մէջ։