
Ամփոփելով օրը, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ղեկավար Բագրատ սրբազան Ուրբաթ օր ըսաւ, որ Կիրակի օր տեղեակ պիտի պահէ բոլորը, թէ ի՛նչ պիտի ընեն յառաջիկայ շաբաթ։ «Մենք մի քանի օրուայ անելիք ունենք եւ այդ անելիքները Մայիս ամիսը կը դարձնեն շատ լաւ ամիս։ Յաղթանակից բացի` այլ տարբերակ չունենք․ ով համբերի, յաւերժական կեանք կ՛ունենայ», նշեց ան։
Խօսելով սահմանազատման եւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի մասին՝ սրբազանը ըսաւ. «Եթէ չէք կարողանում ընդդիմանալ, ստիպուած էք լինում հրամաններ կատարել․ աւելի լաւ կը լինի հրաժարուէք ուղղակի: Ստի գործիք դարձած Մհեր Գրիգորեանին էլ եմ նոյնը ասում: Մհե՛ր Գրիգորեան, դուք դարձել էք ապօրինութեան, անօրինութեան, հակասահմանադրական, հակաազգային, հակապետական այս ամբողջ գործընթացի քաւութեան նոխազը: Ձեր գլխին է ջարդուելու ամբողջը: Իրաւասութիւն չունէիք որեւէ ձեւով պետական այդ բարձր մակարդակի գործառնութիւնը դո՛ւք իրականացնել: Ձեզ ստիպել ու պարտադրել են, որ դո՛ւք անէք: Դուք էլ սիրով երեւի, կամ դժկամութեամբ` յանձն էք առել: Մի կողմ թողէք, հրաժարուէ՛ք այս բոլորից»:
Սրբազանը յայտարարեց, որ 18 Մայիսին ալ հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Յատկապէս յիշեց հանդիպումները ՀԱԿ կուսակցութեան անդամներէն Լեւոն Զուրաբեանի եւ Արամ Մանուկեանի հետ։


Օրուան ընթացքին սրբազանը այցելեց Երեւանի Պետական համալսարան, ուր «Ինչպէ՛ս չլինել չմարդ» խորագիրով բաց դասախօսութիւն տուաւ, իսկ աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ բժիշկներու հետ՝ «Անի Գրանդ» պանդոկին մէջ․ երեկոյեան ժամը 6ին, «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ ան տեսակցեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին սատարող 100է աւելի դասախօսներուն հետ։
Բժիշկներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ան ըսաւ, որ ինչպէս մեր հայրերը կ՛ըսեն՝ եօթը արուեստներէն մէկն է բժշկագիտութիւնը, որ կը նկատուի «աստուածային բարձր շնորհի մարդոց արուեստ»: «Իմ թեկնածուական թէզը եղել է Հայաստանի առողջապահական համակարգը, անցեալը ներկան, ապագան ու աստուածաբանական հայեացքը: Հարցը եղել է հետեւեալը` ինչպէս կարող է աստուածաբանութիւնը նպաստել առողջապահական համակարգի բարելաւմանը կամ զարգացմանը: Մարդիկ յաճախ զարմանում են, ասում են` ինչ կապ ունի աստուածաբանութիւնը առողջապահութեան հետ, բայց շատ ուղիղ կապ ունի: Լայն իմաստով գիտէք, թէ ինչ է տեղի ունենում մեր երկրում ու ինչպիսի մարտահրաւէրների առաջ ենք կանգնած` ոչ միայն աշխարհաքաղաքական, այլ ներքին կեանքի իմաստով», ըսաւ ան։
Սրբազանը նշեց, որ Հայաստանի մէջ հաստատութենական կեանքը արդէն անդամալուծուած է։ «Մեր երկրում համակարգային ամէն բան դադարել է: Մեր երկրում ամէն համակարգ պէտք է կառուցուած լինի ճշմարտութեան վրայ», ըսաւ ան: