
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն թեմիս հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն` Նարեկ Ա. քհնյ· Փեհլիվանեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 13 Մայիս 2024ին, Լոս Անճելըսի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Նարեկ քահանան ծնած է Հայաշէն, Պէյրութ, 1943ին։ Մանուկ հասակին, հօրեղբօր ձեռքէն բռնած մուտք գործած է եկեղեցի, ուր դարաւոր շարականներու շունչով հասակ առած է, ապա ձեռնադրուած է դպիր ու սարկաւագ, հաւատարմօրէն ծառայելով Հայ եկեղեցւոյ: Միշտ գիր ու գիրքի մօտ անձ՝ աշխատած է տպարանի մէջ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան պատճէնահանման ընկերութեան մը մօտ: Քահանայ ձեռնադրուած է 1986ին` ձեռամբ Արտաւազդ արք. Սիւրմէլեանի:
Տէր Նարեկի հովուական ծառայութիւնը սկիզբ առած է 1986ին, Կիպրոս, Լարնաքայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: 1990ին, ընտանեօք փոխադրուած են Քընեթիքեթ, Միացեալ Նահանգներ, ուր 3 տարի ստանձնած է հովուութիւնը տեղւոյն Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ, ապա Գանատա, Վենքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ: 1996ին Տէր Հայրը իր ընտանիքով հաստատուած է Լոս Անճելըս:
Վախճանեալ քահանան Լոս Անճելըսի մէջ հովուական պաշտօններ վարած է Ս. Քառասնից Մանկանց (Օրէնճ Քաունթի), Ս. Սարգիս (Փասատինա), Ս. Խաչ (Մոնթեպելլօ) եւ Նորթ Հոլիվուտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներուն մէջ:
Մինչեւ իր անհանգստութիւնը, շուրջ տասը տարի, ան մաս կազմած է Ազգային առաջնորդարանի անձնակազմին, միաժամանակ իբրեւ այցելու պատարագիչ՝ գործած է առաջնորդարանի հովանին վայելող հեռակայ ծուխերու մէջ:
Այս տխուր առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրը, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնն ու Ազգային առաջնորդարանի անձնակազմը իրենց խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնեն վախճանեալ տէր հօր կեանքի ընկերոջ՝ երէցկին Շողիկին, զաւակներուն՝ Ֆիլիփին, Հուրիին եւ Յարութին ու իր տիկնոջ եւ թոռան, որուն ծնունդը տեսնելու բախտին արժանացաւ ան իր կեանքի վերջին տարուան ընթացքին: Ցաւակցութիւններ կը յայտնենք նաեւ քոյրերուն՝ Պերճուհիին եւ Էլիզապէթին, եղբօր՝ Արային եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն ու բարեկամներուն:
Վերջին օծումն ու Թաղման կարգը տեղի պիտի ունենան Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2024ին, կ.ե. ժամը 1ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղումը՝ ժամը 3:30ին, Hollywood Hills Forest Lawn:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ