Հայոց ազգային հարցը ոչ անհատական, ոչ մասնակի, ոչ համայանքային սահմաններու մէջ կը սեղմուի, ոչ տուեալ ժամանակի մը ազդակներու հարկատու է: Եթէ անոր չմօտենանք իրաւութեամբ, առանց զիկզակներու, առանց խուսանաւելու, զայն կը դատապարտենք կորստեան:
Հայ ազգի հիմնական հարցէն դուրս, հայ անհատները, ինչպէս աշխարհի բոլոր բնակիչները, բազմատեսակ խնդիրներ ունին. պայքար հիւանդութիւններու դէմ, սնունդ, բարօրութիւն, կեանքի որակ, աշխատանք, դրամ, փառասիրութիւններ եւ յաւակնութիւններ, եւայլն: Հայ ազգի անդամը, հասարակաց այս խնդիրներէն տարբեր հիմնահարց ունի, որ կը ճշդէ իր ինքնութիւնը, պատկանելիութիւնը, տարբերութեան գիտակցութեան առթած հպարտութիւնը, առանց որոնց ան կը դառնայ սոսկ «ծագումով հայ», անդիմագիծ դառնալէ կամ նոր ինքնութիւն մը ընդունելէ առաջ:
Ի՞նչ բան է հայոց ազգային հարցը: Հաստատուած եւ կայուն ազգեր նման հարց չունին: Հայոց ազգային հարցը իրաւազրկուած եւ իր ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին ենթակայ ժողովուրդի հարցն է, որուն նկատմամբ կիսամիջոցներով, հրաժարումներով եւ տեղատուութիւններու պահանջած պատշաճեցումներով գոհացող ընթացք որդեգրել համազօր է ազգային «հարա-քիրի» ընելու: Ազգի գոյատեւման կ’առնչուի հայոց ազգային հարցը, եւ եթէ ազգի անդամները իրենք լուծում չգտնեն անոր, ոչ ոք իրենց փոխարէն այդ լուծումը պիտի գտնէ: Այդ լուծման ճամբաները կը թուին բարդ ըլլալ, քանի որ մինչեւ այսօր չենք յաջողած ազգի իրաւունքերուն տիրանալ եւ միաժամանակ հարազատութեամբ ինքնութիւն պահել: Նուազուրդով քաշքշուքը ազգին համար ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ միայն, ընկղմելէ առաջ:
Հայոց ազգային հարցը կը սահմանուի հայ ժողովուրդի անվիճելի իրաւունքով, նոյնիսկ եթէ կան բազմաբնոյթ հարկադրանքներ եւ ճնշումներ, անոնք ըլլան ենթակայական թէ գործնապաշտական: Հայ ժողովուրդը «Հայրենիքի եւ Ինքնութեան պահպանման» հարց ունի: Մակերեսային եւ պարտուողական վերաբերում է «հայոց հայրենիք»ը սահմանափակել ներկայ Հայաստանով, Հայաստանի Հանրապետութեամբ, որ մէկ մասնիկն է Հայաստանի: Հայոց ազգային հարցը կը սահմանուի ազգային հարազատ լեզուով եւ կենդանի մշակոյթով, առանց անոնց տեղի կ’ունենայ ինքնութեան կորուստ, որ դեռ ժամանակ մըն ալ կը քաշքշուի յիշատակներով, «հայասիրութեամբ», բարեսիրութեամբ, զբօսաշրջային հայրենասիրութեամբ, զորս կը յաւակնինք կոչել յանձնառութիւն: Այս կացութիւնը կը շարունակուի եւ կը քաջալերուի այլազան շահախնդրութիւններով, որոնք ազգակերտման եւ ազգի իրաւունքներու վերականգնման ոչ մէկ դրական նպաստ կը բերեն:
Հայոց ազգային հարցը, որպէս ազգային գաղափարախօսութենէ բխած քաղաքականութիւն, մշուշոտած է, չըսելու համար, որ կ’ընթանայ նուազուրդի կարգախօսներով: Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկ մասնիկն է Հայաստանի, իրաւունք, որ կը ճշդուի պատմութեամբ, հոն ապրած ժողովուրդի անցեալով, գիտակցութեամբ, ստեղծած մշակոյթով եւ քաղաքակրթութեամբ: Այս պարզ բնորոշումով, Արցախ (ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղ), բնօրրան Նախիջեւան, Արեւմտահայաստան կոչուած աշխարհը, Հայաստան են, նոյնիսկ եթէ պատմութեան ընթացքին գործուած չարիքներու հետեւանքով մէկ հատիկ հայ մնացած չըլլայ անոնց մէջ: Այս իրաւունք է եւ հայոց ազգային ամբողջական հարց, եւ երկրորդական իրարանցումներով չի փոխարինուիր, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումով կամ սա կամ նա ձեւի հատուցումներով: Քարտէսներու վրայ գծուած գիծերը, միջազգային հաւասարակշռութիւնները, հզօրներու շահերու պաշտպանութեան համար հնարուած անսկզբունք սկզբունքները (որոնցմէ ամէնէն յատկանշականը «սահմաններու անխախտելիութիւն»ն է) հայոց ազգային հարցի հետապնդման քաղաքականութեան առանցք չեն, նոյնիսկ եթէ այսօր մեր ուժերը բաւարար չեն իրաւունքը վերականգնելու, եւ գործնապաշտներու կողմէ ցնորք համարուի այդ վերականգնումը:
Եթէ վաղը ճափոնցիները Ֆորմոզա մեծ կղզիէն հեռացնեն չինացիները, տասնամեակ մը ետք պիտի ընդունի՞նք որ Ֆորմոզան Չինաստան չէ…
Տարօրինակ տրամաբանութիւն մըն ալ: «Նոր հայեր» կան որոնք կ’ըսեն, թէ եթէ այդ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հողերը վերադարձուին, հոն գացողներ չեն ըլլար: Ինչ որ գաղափարախօսական եւ ազգային թիւր ըմբռնում է, քանի որ հողերը չեն տրուիր անհատներու, այլ ազգին կը վերադարձուի իր իրաւունքը: Ամերիկան չի պատկանիր այս կամ այն միլիառատէր անհատին, նոյնիսկ եթէ քանի մը նահանգի տարածութեամբ հողերու տէր ըլլայ ան:
Հայոց ազգային հարցի առանցքին կը գտնուի նաեւ վերադարձի բնական իմաստասիրութիւնը, զոր վառ պէտք է պահել, քաջ գիտնալով, որ առանց այս մնայուն ցանկութեան, չեն ապրիր հայոց եկեղեցիները, դպրոցները, կուսակցութիւնները, մեծ եւ պզտիկ միութիւնները, եւ հայ մնալու կամ հայասէր ըլլալու միտումները, կը մեռնին լեզուն եւ մշակոյթը: Այս խնդիրները շաբաթավերջի զբօսանք չենք, պատրուակ չեն աթոռի կամ աթոռակի տէր դառնալու, հանգամանք որսալու, եկեղեցիի դասին մէջ նստելու, ճառ եւ բաժակաճառ զարդարելու: Հողի վերատիրացման խնդիրը չի փոխարինուիր բարոյական մխիթարութիւններով եւ զանազան ճանաչումներով, եւ ինքնութիւն չի պահուիր բաբելական տարբեր լեզուներով եւ մշակոյթներով, այլ, առաջին հերթին, ազգային լեզուով եւ մշակոյթով, այս՝ առանց լեզուագարութիւններով մենք մեզ եւ ուրիշները խաբելու: Այլ խօսքով, հայոց ազգային հարցն է նաեւ ազգային մշակոյթի պահպանումը եւ հարազատօրէն զարգացումը:
Առանց այս ամբողջական տեսիլքին ազգային քաղաքականութիւնը կ’ըլլայ պղպջակ: Հայոց ազգային հարցը ինքզինք ըլլալու մնայուն լարումն է, խորապէս տարբեր օտարումի ճամբուն վրայ ջոջական-երեւելիական-շահախնդրական կեղծիքէ: