Իրանի նախագահի մահուան հաստատումէն ետք, իրանեան կառավարութիւնը շտապ նիստ մը գումարեց եւ յայտարարեց. «Նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիի երթը պիտի շարունակուի»:
Իրանի նախագահի լիազօրութիւնները փոխանցուեցան առաջին փոխնախագահ Մոհամմետ Մոխպերին: Ան յառաջիկայ երկու ամիսներուն պիտի ստանձնէ երկրի ղեկավարութիւնը, իսկ 50 օրուան ընթացքին նախագահական նոր ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Ըստ Իրանի սահմանադրութեան, նախագահի առաջին տեղակալը, խորհրդարանի նախագահը եւ դատական համակարգի ղեկավարը պիտի ձեւաւորեն խորհուրդ, որ առաւելագոյնը 50 օրուան ընթացքին պէտք է կազմակերպէ նոր նախագահի ընտրութիւն:
Ալի Պաքերի Քանի նշանակուեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին:
Իրանի նախագահի, արտաքին գործոց նախարարի եւ անոնց ուղեկցող խումբի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունեցան Երեքշաբթի օր, Թաւրիզի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահը Ատրպէյճանէն Թաւրիզ վերադարձի ճամբուն վրայ թանձր մշուշի պայմաններու պատճառով «կոշտ էջք» կատարած էր Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ, որուն հետեւանքով ուղղաթիռին մէջ գտնուած 8 ճամբորդները մահացան:
Միւս կողմէ, իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Իսրայէլ կապ չունի» Ռայիսիի մահուան հետ: Նման հաստատում մը կատարեց նաեւ Ուաշինկթըն։