Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նախավերջին՝ 37րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, «Ինթեր Միլան» ստացաւ ախոյեանութեան բաժակը եւ մետալները:
Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան իր ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններէն մէկուն ախոյեանի տիտղոսը շահեցաւ:
Մխիթարեան «Փիւնիկ»ի հետ 4 անգամ դարձած է Հայաստանի ախոյեան (2006, 2007, 2008 եւ 2009) իսկ «Շախթիոր Տոնեցք»ի հետ՝ 3 անգամ Ուքրանիոյ ախոյեան (2011, 2012, 2013):