Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը դրական անդրադարձներ պիտի ունենայ ոչ միայն երկու երկիրներու, այլ նաեւ ողջ տարածաշրջանին համար, յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան՝ Թրքական պետութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովին:
Ֆիտան ըսաւ, թէ «Ատրպէյճան ճամբայ հարթեց տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար՝ վերջ դնելով Ղարաբաղի բռնագրաւման»:
Ան դրական քայլ որակեց 4 գիւղերու վերադարձը Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ Ալմաթիի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովի ու Արարատ Միրզոյեանի բանակցութիւնները՝ ընդգծելով, որ Անգարա լիովին կ՛աջակցի Պաքուին այս գործընթացին մէջ: