Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մուհամմատ Պըն Սալմանի հետ, որուն հետ քննարկեց Կազայի մէջ տիրող մարդկային աղէտալի իրավիճակը:
Հաղորդակցութեան ընթացքին ղեկավարները հաստատեցին, որ կը մերժեն Ռաֆահի վրայ իսրայէլեան յարձակումները` հաստատելով, որ Կազայի մէջ անմիջական եւ մնայուն զինադուլ պէտք է յայտարարուի, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր Էլիզէի պալատէն:
Մաքրոն եւ Պըն Սալման հաստատեցին նաեւ, որ Լիբանան պէտք է դուրս գայ քաղաքական տագնապէն եւ ընտրէ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կարող է երկիրը ղեկավարելու` պէտք եղած բոլոր բարեկարգումները գործադրելով:
Անոնք շեշտեցին, որ իրենց ջանքերը պիտի շարունակեն, այս իմաստով Լիբանանին օժանդակելու համար:
Անոնք ընդգծեցին սէուտական-ֆրանսական երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: