Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի անկախութեան օրուան առիթով կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատումը եւ սահմանագծումը Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններուն եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնական ուղղութիւններէն են:
Ան նշեց, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը պիտի նպաստէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն եւ, ընդհանուր առմամբ, տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան։
Նոյն միտքը արտայայտուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նիստի արդիւնքներուն վերաբերող յայտարարութեան մէջ՝ ըսելով, թէ Թուրքիա կը փափաքի, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ դրական յառաջընթաց արձանագրուի, որպէսզի երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւն ապահովուի: «Թուրքիա պատրաստ է աջակցելու մնայուն խաղաղութեան հաստատման վերաբերող բարի կամքի բոլոր ջանքերուն», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։