
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 1 Յունիսին, կ. ա. ժամը 11էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ հայութեան դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն եւ սպառնալիքներուն միջազգային իրաւական դաշտին վրայ հակադարձելու նիւթով առցանց քննարկում մը։
Քննարկումին մասնակցող մասնագէտներն են՝ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան (Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի վարչութեան անդամ), Սիրանուշ Սահակեան (Միջազգային համեմատական իրաւական կեդրոնի նախագահ եւ մարդկային իրաւանց իրաւաբան) եւ Արմէն Յովհաննէսեան (Հայ իրաւաբանական միութեան եւ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի վարչութիւններուն անդամ)։ Քննարկումը պիտի համադրէ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի անդամ Արին Թազեան։
Քննարկումին մասնակցելու համար այցելել կայքէջը։