ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Պահպանել եւ պաշտպանել․ այս զոյգ բառերը զգացական եւ իմացական արժէքներ են, որոնք տարբեր ժամանակներէ, պայմաններէ յառաջացած եւ փոխանցուած են հայ մարդուն՝ իւրաքանչիւր ազգային եւ կամ հայրենական արժանիքի հանդէպ, որպէս առողջ հաւատամք եւ դաւանանք՝ անհատական, ընկերային թէ ազգային արդար հիմքերով յառաջանալու, որոնց մասին լոկ մտածելն իսկ հաստատապէս կը պահպանէ տուեալ արժէքները կեանքի կոչելու եւ զանոնք փոխանցելու մեծ պատասխանատուութեամբ՝ յաջորդող սերունդներուն:
Պահպանել եւ պաշտպանել․ այս հիմնական զոյգ գաղափարները ազգային անհրաժեշտ առաքինութիւններ իւրաքանչիւր ազգի կամ երկրի մը գոյատեւման համար եւ կը պարտին միաւորել տուեալ ժողովուրդի տեսլականն ու կամքը, գոյատեւելու եւ գործելու միասնական հաւատքի բարձր արժէքներով, որպէս մէ՛կ ազգ եւ մէ՛կ հայրենիք:
Ազգ հասկացողութիւնը մեր ժողովուրդի գաղափարախօսութեան մէջ ունի իր աւանդական ըմբռնումն ու արժէքը, որ կը թուի յաւերժական ըլլալ հիմնական մէկ տեսլականով, սակայն ժամանակի թաւալումին հետ ունեցաւ նաեւ առաւել ծալքեր եւ շերտեր, որոնք ըստ տուեալ ժամանակին, զանազանուեցան եւ բազմապատկուեցան սերունդներու արդարացի բազմերանգ մօտեցումներով, տուեալներով եւ արարքներով, սակայն որպէս սկզբունք պէտք է մնայ եւ գոյատեւէ բարձր արժէքներու պահպանման եւ փոխանցման աւանդական իր ուղիով:
Ի դէպ, ազգը իր ազգային եւ մշակութային արժէքներով եւ իր սրբազան հաւատքով է, որ կը դառնայ հիմնական եւ անխախտ արժէք՝ զինք դաւանող ազգայիններու կեանքին մէջ, ինչպէս, որ ընտանիքը արդար ժառանգորդն է իր նախնիներուն, եւ որ կը ժառանգէ անցեալէն իրեն փոխանցուած արժէքներն ու աւանդոյթը, ապա պահպանելով կը փոխանցէ զանոնք սերունդէ-սերունդ, որով կը գոյանան արդար ժառանգորդները տուեալ ընտանիքին:
Ազգն ու հայրենիքը առաւել մեծ արժէքներով պատուած եւ զինուած «մեծ ընտանիք» մը դառնալու յաւակնութիւնն ու առաքելութիւնը պէտք է ունենան, որովհետեւ աշխարհի կենսագրութեան եւ համազգային պատմութեան մէջ, իր առիւծի բաժինը պէտք է արձանագրէ..:
Վերոյիշեալ «փիլիսոփայութիւն»ը կայ եւ թերեւս տակաւին կը շարունակէ մնալ… սակայն որքա՞ն երկար… պատմութիւնը կը հաստաստէ ու կ՛արձանագրէ..:
Դարեր ի վեր, հայ ժողովուրդին, հայ ընկերութեան եւ իւրաքանչիւր հայ անհատին համար սրբութիւն դարձած ու պահպանուած այս արժէքները, որոնք փոխանցուած էին յաջորդական սերունդներու, այսօր ինչպէ՞ս կարելի է խաղաքարտի վերածել եւ կամ սակարկութեան տանիլ միջազգային հարթակներով․ նման վտանգաւոր «խաղ» մը այսօր նաեւ «խաղալիք» մը դարձած է մեր հարազատ ազգի, այսպէս կոչուած «զաւակներ»ուն մօտ եւ զուգահեռաբար՝ մեր ազգի դարաւոր ու ոխերիմ թշնամիներուն ի նպաստ, երբ անոնք այսօր կարծէք միասնական նպատակներով ուղղորդուած կ՛առաջնորդուին ու կը գործակցին՝ յանո՞ւն… մեր ազգի ու հայրենիքի տապալման չարիքին:
Այսքանին մասին մտածելն ու արտայայտուիլն իսկ կը խեղդէ մեր կոկորդը, որ ամբողջ կեանք մը, ազգային եւ հայրենասիրական երգերով, խօսքերով եւ հոգոցներով հասունցած, դարձած էր մտային եւ հոգեկան ահագին պաշար մը, իսկ այսօ՞ր… շնչահեղձ կը դառնանք ականատեսը դառնալով, մեր ազգին ու երկրին հանդէպ, անարժանավայել մօտեցումներով ընթացող եւ գործող՝ «կարաւան»ներուն..:
«Կարաւան» մը, որ գուցէ ինքն իսկ ծանօթ չէ իր վերջին հանգրուանին (եւ գուցէ քաջածանօթ իսկ է), եւ յորդառատ անձրեւի եւ կամ հեղեղի մը նման պատրաստ է նաեւ իր հետ տանելու եւ խեղդամահ ընելու գալիք նոր սերունդները, որոնք արժանավայել ազգին ժառանգորդները դառանալու փաղանգ մը կրնան ըլլալ, բայց եւ դատապարտուած պիտի ըլլան կորուստի եւ իրենց հետ պիտի կորչին նաեւ՝ ազգային մեր արժէքներն ու աւանդոյթները, որ ժամանակի ընթացքին պիտի դառնան համայն ազգի մը ցաւոտ ու կորուսեալ մէկ «պատուանդան»ը:
Կը մտածեմ, թէ ի՞նչ անհիմն սկզբունքով մը յառաջացաւ այս ալիքն ու յաջորդող ալիքները, ուր բեմահարթակը, փոխան արտաքին թշնամիին դէմ պայքար մը մղելու, դարձած ու վերածուած է՝ «մենք մեզ»ի համար պատրաստած հալածանքի փշոտ ուղի մը, ուր կայ անհամար մեղադրանք, պարսաւանք եւ միասնութիւնը ջլատող ու կործանող՝ ատելութեան անընդունելի դաւանանք մը…
Ի դէպ, յաճախ կը խօսին, կը յայտարարեն եւ կը մօտենան ազգային եւ հայրենասիրական լոզունգներով եւ կոչերով, որոնք հետեւորդ ժողովուրդի մտապատկերին մէջ, կը վերածուին առեղծուածի մը՝ «հաւատա՞լ, թէ՞ կասկածիլ», «միանա՞լ, թէ՞ հեռանալ», «յուսա՞լ, թէ՞ ափսոսալ» եւ կամ լաւագոյն պարագային, «անմասն մնալ եւ չէզոքի դերո՞վ ապրիլ» եւ որպէս հասարակ անպիտանի մարդ շարունակել անտեսել եւ մաս չկազմել որպէս պիտանի եւ նուիրուած՝ Հայ մարդ :
Հողը կայ, մշակոյթը կ՛ապրի եւ հայ մարդը ամենուրէք՝ իր հայրենիքին մէջ, թէ Սփիւռքի տարածքին, կը մնայ արարող, սակայն եւ իր երազին հաւատացող եւ երազը հետապնդող նոյն հայ մարդը այսօր հիւանդ ու տկար է, յուսալքուած եւ յանձնուած է անորոշութեան, հորիզոնը դիտելով… Ա՞յս էր սպասուածը, ասո՞ր համար էր տարիներով տարուած ազգային մեր պայքարը՝ ներսը թէ դուրսը, որ տակաւին կը շարունակուի առաւել անորոշ ուղիներու վրայ անհաշիւ գործողութիւններով եւ փաստերով, գէթ՝ ազգային արժանապատուութիւնը ամէն ինչէ վեր դասողներուն համար: Վերջերս հնչած հարցումը կը մտաբերեմ կրկին «որո՞ւ ջրաղացին կը թափուի այս ջուրը»… ապա կ՛ըսեմ՝ ոչ մէկ համոզում եւ կամ կարծեցեալ շահ, ոչ միայն չ՛արդարացներ զայն, այլ մահացու պատիժի մը կշռին տակ կ՛ընկճէ՛ եւ կը չքացնէ ազնիւ գաղափարն ու գաղափարակիցը:
Հայրենիքը եւ ազգը սրբութիւններ են, որոնք ոչ միայն անցեալի ազգայիններու շարքերուն մէջ մնացին, այլ եւ գալիք, ծանօթ եւ անծանօթ ՀԱՅ անունը կրող իւրաքանչիւր անհատի համար պէտք է մնան ազնուագոյն՝ ՄԵԾ ԵՐԱԶը, ՄԵԾ ԳՈՐԾը։
Միտքս կ՛ամբողջացնեմ՝ անզուգական բանաստեղծ Սիամանթոյի հրաշափառ մտքերով.
«Հայ Միտքն ու հայ խիղճը, թող որ մեր ազգին վայել, հարազատ եւ արդար արթնութեամբ գործէ՛ եւ գոյատեւէ:
Մեզմէ միայն կրնաք կորզել Յոյսին ոսկին եւ գինիներն Երազին…
Յաղթանակները մենք կու տանք պարտութիւնները մեզի են…
Ամէն բարիք եւ մարդկային չարիքներու ամէն դարման
Մեր խորհուրդէն, մեր խաւերէն, մեր օրէնքէն պէտք է յուսալ…
Ու այսպէս՝ Ձիթենիին ոստերուն հետ աստուածաբոյս,
Սուրն ալ մեզմէ կը ծնանի, սրբութիւնն ալ Ցորեանին …»։