Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պատրաստուի չորրորդ նախագահական ընտրութեան: Ժողովրդավարութիւն է. մէկէ աւելի թեկնածուներ պիտի ըլլան: Նախագահը կ’ընտրուի ուղղակի եւ ընդհանուր քուէարկութեամբ: Անցնող տասնվեց տարիներու փորձը ցոյց տուաւ, որ քուէակութիւններու արդիւնքները ոչ ամբողջովին թափանցիկ էին եւ ոչ ամբողջովին արդար, այսինքն՝ ժողովուրդի կամքին այս կամ այն ձեւով տէր դարձողներ եղան: Եթէ այսպէս կարելի է ըսել, կիսաժողովրդավար հունի մը մէջ կը գտնուի երկիրը: Կիսաժողովրդավար բառը ոչինչ կը նշանակէ, քիչ մը կամ կիսով յղի ըլլալու պէս բան մը…
Բայց այս ընտրութիւնը առիթ է, որ գէթ կարծիքներ արտայայտուին, ակնկալութիւններ բանաձեւուին: Այսինքն, հրապարակային վիճարկումները կը նպաստեն յստակացումներու, ճանչնալու, ծանօթանալու, եւ ինչպէս կ’ըսուի, կը նպաստեն հանրային կարծիքի ձեւաւորման: Իրագործումները արդէն այլ բան են: Անցնող տասնվեց տարիներու հաշուեկշիռը պէտք է ընել, ազգային եւ հանրային կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, առանց նախօրօք թեր կամ դէմ ըլլալու, առանց կողմնապաշտական ճառերու: Իմաստուններու խորհուրդ մը կարելի չէ՞ յառաջացնել, որ իսկական քննութիւն մը կատարէ, ինչպէս տնտեսութեան համար սովորութիւն է ընել մասնագիտական գրասենեակներու միջոցաւ, «օտիթ» կամ «աուտիթ» ընել: Հայաստանի նախկին վարչապետներէն մին խոստացած էր «աուտիթ անել», բայց այս «աուտիթ»ին գոյնը չտեսանք: Այդ հաշուեկշիռը պէտք է ընդգրկէ (ընդգրկէր) տնտեսութիւնը, բնակչութիւնը, կենսամակարդակը, մշակոյթը, լեզուն, ազգային հարստութիւնը, արդարութիւնը, գիտութիւնը, կրթութիւնը, բայց նաեւ ենթակայական տուեալները՝ ինչպէս հայրենասիրութիւնը, բարոյական ըմբռնումները, կեանքի որակը, ազգի եւ երկրի զարգացման հեռանկարային նախաձեռնութիւնները, որոնք օրը օրին ապրելու, ընդունելի եւ անընդունելի միջոցներով բարօրութիւն հետապնդելու իրարանցումներէն տարբեր են, եւայլն:
Տասնվեց տարի ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ի վիճակի կ’ըլլա՞ն անկողմնակալ «աուտիթ»ի ձեռնարկելու: Ընդդիմութիւնը պիտի պահանջէ՞ անկողմնակալ այս «աուտիթ»ը: Ոչ-խօսափող մամուլը ընդհանրապէս, թերթեր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, մտաւորականութիւն, հրապարակ պիտի գա՞ն յստակացման հարցումներով, ի հարկին նշտրակելով պալարները, որպէսզի ժողովուրդի բարօրութիւնը եւ ազգի ապագան նախատեսուին: Այս էական խնդիրը չի վերաբերիր միայն «հայաստանաբնակ»ներու, այլ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին, մասնաւորաբար հայկական արտասահմանին, ոչ անոնց, որոնք հայրենիք լքած են, դարձած են յաճախ կեղծ քաղաքական ապաստանեալներ, որոնք խելքաբաշխութեամբ կը զբաղին: Ինչպէս որ կարելի է լսել նախագահական թեկնածուէ մը քանի մը տասնեակ իրագործելի առաջադրանքներու մասին, կարելի է նաեւ բանաձեւել եւ հրապարակել հարցումներ, որոնց պատասխանները կ’ըլլան առաջադրանք, որոնց հիման վրայ, լուսաբանուած քաղաքացին, կու տայ իր ձայնը մէկ կամ միւս թեկնածուին, ինչու չըսել նաեւ՝ ճամբայ կը հարթուի հայրենդարձութեան: Այս հարցումները պէտք է բանաձեւել առանց կողմնապաշտութեան եւ հաճոյակատարութեան, ինչպէս կ’ընեն վարձկան լրագրողներ, այս կամ այն քաղաքական դէմքի հետ հրապարակային զրոյցի ընթացքին, դառնալով անոնց ստրուկ խօսափողը, կամ երբ կը գրեն լուսաւորելով խնդիրներու զիրենք հետաքրքրող եւ իրենց շահ ապահովող մասը:
Երբ այսպէս կոչուած սեփական կողմին անհանգստացնող հարցում չեն ուղղեր մտաւորականը կամ լրագրողը, կը դաւաճանեն իրենց կոչման, ասպարէզի բարոյականին, ինչպէս Հայաստան սովորութիւն է ըսել՝ «էթիկա»ին: Յանձնառու մտաւորական կամ լրագրող ըլլալ արգելք պէտք չէ ըլլայ անկաշառ եւ անկաշկանդ մտածողութեան:
Հայաստանի նախագահէն ի՞նչ ակնկալութիւններ կրնան ունենալ ազգը եւ զայն գոյացնող անհատները, անոնք ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ թէ իրենք զիրենք տակաւին հայ ազգի լիիրաւ անդամ համարողներ, նոյնիսկ երբ պատմութեան դաւերուն պատճառով հայրենաբնակ չեն: Այս թղթածրարը կը բացուի՞ անհատական դիրքապաշտութիւնները, մրցակցութիւնները, տեղայնութիւնները յաղթահարելով: Բացասականութիւնները չեն գտնուիր միայն «միւս»ին ճամբարին մէջ: Առանց ամբողջական ըլլալու յաւակնութեան, փորձենք սեւով ճերմակի վրայ արձանագրել ակնկալութիւնները, ազգը տկարացնող բացասականութիւնները, նոյնիսկ եթէ ցաւցնող քննադատութիւններու եւ ինքնաքննադատութիւններու դուռ պիտի բացուի: Այդ պիտի ըլլայ գինը յառաջդիմութեան եւ բարօրութեան, հարազատութեան մէջ ազգային զարթօնքի եւ ազգակերտումի, որոնք կը պայմանաւորուին ի հարկէ տնտեսութեամբ, արդարութեամբ, ազատութեամբ, մարդկային իրաւունքով, գործուած սխալներու սրբագրութեամբ (նոյնիսկ եթէ վհուկներու որսորդութիւն պիտի չկազմակերպուի), ազգի իրաւունքներու ձեռքբերումով, ազգային ինքնութեան եւ հարազատութեան անխափան եւ առանց խուսանաւումներու վերականգնումով եւ անսեթեւեթ կերպով ազգային միասնութեան ստեղծումով՝ որ բեմերը զարդարող ամբոխավարական ճառ չըլլայ:
Իմաստուն անտեղեակներ պիտի ըսեն թէ աւելի դիւրին է ըսել քան ընել, իսկ գործնապաշտներ արդէն կ’ըսեն, թէ նման հարցերու ժամանակը չէ: Եթէ այսօր չէ ժամանակը, ե՞րբ կը կարծենք, որ պիտի գայ ժամանակը… այն՝ որուն համար չըսուի, թէ արդէն ուշ է: