
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն թեմիս երկար տարիներու Ազգային բարերար Օսկօ Կիրակոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 29 Մայիս 2024ի առաւօտուն:
Հանգուցեալը երկար տարիներու եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւն ունի մեր թեմին մէջ: Ան եղած է Հովիտի գաղութի կարկառուն անդամներէն եւ մնայուն բարերարներէն. Ան ստանձնած է հովանաւորութիւնը Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան շէնքի ամբողջութեամբ վերակառուցման եւ համալիրին մէջ զանազան գրասենեակներու, միաժամանակ կամաւոր ծառայութիւն բերելով Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով իր տիկնոջ հետ գլխաւոր բարերարները եղած են Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ կառուցուած Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշակոթողին: Նոյն առիթով, անոնք ստանձնած են նաեւ հովանաւորութիւնը սրբադասուած մեր նահատակներու մասունքները պարփակող մեծադիր խաչերուն, որոնք տեղ գտած են Ազգային առաջնորդարանի եւ թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Կիրակոսեան եղած է յարատեւ զօրակիցներէն Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքին եւ զանազան ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու զանազան ծրագիրներուն: Ան հիւրընկալած է նաեւ առաջնորդ սրբազան հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքները:
Հանգուցեալը իր հաւատացեալ եւ ազգանուէր նկարագիրով, հայրենիքի թէ Սփիւռքի հաստատութիւններու ի նպաստ կատարած բարերարութիւններուն համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» եւ «Կիլիկեան Իշխան» շքանշաններուն, ձեռամբ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին, յաջորդաբար՝ 2005ին եւ 2011ին:
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ Երանին, զաւակներուն՝ Զապէլ եւ Սեւակ Տէմիրճեաններուն, Նաթալիին, Ճորճին եւ Քրիսթինին, եղբօր Պերճին եւ ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:
Պիտի կատարուի Ազգային թաղում:
Թաղման մանրամասնութիւնները պիտի ծանուցուին մամուլով:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ