Երկուշաբթի, 27 Մայիսին, Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանին մէջ՝ նոյն խորհրդարանի անդամ Արիս Հիպատիկեանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայկական ժառանգութեան ամիս» խորագիրով ձեռնարկը։
Ձեռնարկին ներկայ էին Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտ, առաւել քան 30 nախարարաներ, երեսփոխաններ, Օնթարիոյի երեք ընդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ գանատահայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեան, Քաթրինզի շրջաններու հայ գաղութի ներկայացուցիչներ նաեւ բազմաթիւ քաղաքական, հասարակական գործիչներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ականաւոր դէմքեր եւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն։
Սրահի մուտքին տեղադրուած պաստառներ եւ հայկական տարազներով պարմանուհիներ՝ ներկաները առաջնորդեցին դէպի սրահը, ուր ցուցադրուած էին հայկական համայնքի հիմնադրութեան հանգրուաններուն մասին։ Հայկական զարդանախշի եւ ձեռարուեստի գործերով, գեղջկական իրերով, հայկական ազգային աւանդական տարազի պատկերներով եւ մանաւանդ Հայկական գորգերով զարդարուած սրահը պահ մը ներկաները տարաւ հայրենիք, իսկ միւս մասը՝ ճոխ էր հայկական խմիչքներով եւ համադամ ճաշերով։



Օրուան հանդիսավար Արիս Մովսէսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց երեսփոխան Արիս Պապիկեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Ֆորտին եւ նախարարներուն, իրենց միաձայն աջակցութեան եւ օժանդակութեան թիւ 105 օրինագիծին եւ այլ օժանդակութիւններուն, որոնք տրամադրուեցան հայ գաղութին, ապա ան բեմ հրաւիրեց վարչապետ Տակ Ֆորտը։
Ֆորտ իր խօսքին մէջ ջերմօրէն գնահատեց երեսփոխան Արիս Պապիկեանը, որ անցնող վեց տարիներուն ընթացքին իր գործունէութեամբ՝ սերտ յարաբերութիւններ մշակեց թէ՛ այլ համայնքներու եւ թէ պետական կառոյցներու հետ ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ։ Ան անդրադարձաւ հայ գործարարներու դերը եւ նախաձեռնութիւնները գործ հայթայթելով հայ գաղութի զաւակներուն եւ օնթարիոյի բնակիչներուն, ապա իր խօսքին աւարտին վարչապետը իր անսակարկ աջակցութիւնը յայտնեց հայ համայնքին:
Աւարտին՝ ներկաները բարձր գնահատեցին ձեռնարկը, որուն նպատակն էր հայ մշակոյթը եւ պատմութիւնը ծանօթացնել օտար շրջանակներու, աւելի՛ն՝ հայ համայնքին ներկայացուցիչները մօտէն ծանօթացնել պետական անձնաւորութիւններուն եւ գործիչներուն հետ։
(Քաղուած՝ Պէթթի Տողրամաճեանի թղթակցութենէն)