
Երկուշաբթի, 3 Յունիսին, Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ վաւերացուց Կլենտէյլի մէջ, 6444 San Fernando Road հասցէին գտնուող նամակատունը Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նախկին քարտուղար Փօլ Իկնէյշըսի անունով կոչելու` քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը։
Այժմ բանաձեւը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ։
Նախքան Ներկայացուցիչներու տան մէջ կատարուած քուէարկութիւնը, Շիֆ ներկայացուց Իկնէյշըսի յատկանշական իրագործումները։
Կլենտէյլի մէջ 1920ին ծնած Փօլ Իկնէյշըս զաւակն է Յովսէփ Իկնէյշըսի (Իքնատոսեան) եւ Էլիզա Ժամկոչեանի: Ան Միացեալ Նահանգներու ծովուժի քարտուղարի պաշտօնը վարած է 1967էն 1969 տարիներուն եւ եղած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարի օգնականներէն մէկը՝ նախագահ Լինտըն Ճանսընի նախագահութեան օրերուն: 2019ին, ծովուժի ամէնէն արդիական խորտանաւերէն («Արլէյ Պրուք» դասակարգի) մէկը կոչուեցաւ Իկնէյշըսի անունով՝ USS Paul Ignatius (DDG-117):